«Քորոնա» ժահրին պատճառով, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կը քննարկէ մէկ տարիով յետաձգուած «Եւրօ-2020»-ի մրցաշարքը այս տարուան ամրան մէկ երկրի մէջ կայացնելու տարբերակը, այս մասին յայտնեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի թեքնիք յանձնախումբի նախագահ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ:
Ան ըսաւ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին շատ լուրջ կը մօտենայ այս հարցին եւ աշխատանք կը տանի մէկ երկրի մէջ կայացնել այս ախոյեանութիւնը:
Նշենք, որ նախորդ տարի տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը պիտի կատարուի այս տարի` 11 յունիսէն 11 յուլիս:
Եւրոպայի ֆութպոլի այս ախոյեանութիւնը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով 12 քաղաքներու մէջ պիտի կատարուէր: