Նետերլանտցի յառաջապահ Քլաաս-Եան Հունթելաար երէկ Այաքս Ամսթերտամէն վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Շալքէ, յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
37 տարեկան ֆութպոլիստը, որ գերմանական ակումբին հետ ստորագրեց կէս տարուան պայմանագրութիւն մը, անոր հետ պիտի կրէ թիւ 21 մարզաշապիկը:
Հունթելաար, որ Շալքէին մաս կազմած է 2010-2017 տարիներուն, 240 մրցումի ընթացքին նշանակած է 126 կոլ:
Նախքան Շալքէ իր վերադարձը, ան յայտարարած էր, որ յառաջիկայ ամրան պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: