Պարսելոնայի նետերլանտցի գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քէօման արձագանգեց Փարիզ Սեն Ժերմենի թեքնիք տնօրէն Լէոնարտոյի խօսքերուն. ան ըսած էր, թէ ֆրանսական ակումբը շատ մօտէն հետաքրքրուած է քաթալոնական ակումբին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիով:
«Եթէ ինծի կը հարցնէք, թէ արդեօ՞ք հետաքրքրուած եմ պրազիլցի Նէյմարով եւ ֆրանսացի Քիլիան Մպափէով, ձեզի անմիջապէս կը պատասխանեմ` այո՛», ըսաւ Քէօման: