Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն մտադիր է իր կազմին միացնել Պարսելոնայի յետսապահ Էմերսոնը, այս մասին յայտնեց «Սփորթ.էս» մարզական կայքը:
Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմը 22 տարեկան պրազիլցի յետսապահին համար պատրաստ է վճարելու 25 միլիոն եւրօ:
Ֆութպոլիստը այժմ փոխ տրուած է Ռէալ Պեթիսին եւ ցարդ կատարած 16 մրցում` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով մէկ էսիսթ:
Մարզիկներու փոխանցումներով զբաղող ընկերութիւնը անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 20 միլիոն եւրոյով: