«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Այդ երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեցին հիւրընկալ կազմերը:
Տենվըր Նակեթց 119-101 արդիւնքով յաղթեց Օքլահոմա Սիթիին, իսկ Եութա Ճեզ` Նիւ Օրլինզին, 118-102 արդիւնքով:
Օքլահոմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Նիքոլա Եոքիչ նշանակեց 27 կէտ: