Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Կը Հերքէ Պայտընի Խումբին Հետ Ենթադրեալ Կապերը

Յունուար 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի հերքած է այն լուրը, թէ Թեհրան կապի մէջ է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր վարչակազմին հետ` շեշտելով, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին հետ երկկողմ յարաբերութիւններ չէ հաստատած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը:

Վայեզի նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ վարչակազմը պէտք է վերականգնէ երկրի հեռացող նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախագահութենէն առաջ եղած պայմանները` շեշտելով, որ իրանեան կողմը այս հարցին մէջ լուրջ տրամադրուած է:

Վայեզի «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ կոչ ուղղած է ջնջելու Թրամփի իշխանութեան ընթացքին Իրանի դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցները` նշելով. «Իրանի քաղաքականութիւնը ամերիկեան նոր վարչակազմի հետ պարտաւորութիւն է պարտաւորութիւններու փոխանակման, քայլերու իրականացում` քայլերու իրականացման եւ տուեալներու փոխանակում` տուեալներու փոխանակման դիմաց»:

«Մենք պէտք է շատ զգուշ ըլլանք Պայտընի վարչակազմի ենթադրեալ քայլերուն նկատմամբ, եւ մենք պէտք է երաշխաւորենք հակառակ կողմի քայլերու արդիւնքը, որպէսզի կարենանք փոխադարձ գործողութիւններու դիմել», ըսած է Վայեզի:

Նշենք, որ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանի լրագրող Նիր Տաֆուրի յայտնած էր, որ նորընտիր նախագահ Պայտընի աշխատակազմը իրանցի պաշտօնատար անձերու հետ գաղտնի կապեր հաստատած է` հիւլէական գործարքին վերադառնալու նպատակով:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Նկատած Է Համասի Գրասենեակի Փակումը

Յաջորդը

Ալիեւ Արցախի Մէջ «Նախագահի Յատուկ Ներկայացուցիչներ»-ու Նշանակման Հրամանագիր Ստորագրած Է

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?