Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Լոյս Տեսաւ «Սեւրի Պայմանագիրն Ու Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Վ. Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռը» Հատորը
Վերջերս լոյս տեսաւ «Վէմ» մատենաշարի 2-րդ հատորը, որ Հայաստանի խումբ մը պատմագէտներու աշխատասիրութեան արդիւնքն է: «Սեւրի պայմանագիրը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վ. Ուիլսընի իրաւարար վճիռը. քննական հայեացք 100-ամեայ հեռաւորութենէն» գիրքը բաղկացած է 6 գլուխներէ եւ ունի յառաջաբան եւ վերջաբան:
252 էջնոց գործը սեղմ, ամբողջական եւ միեւնոյն ժամանակ քննական ուսումնասիրութիւն է հայ ժողովուրդին համար ուղենշային նշանակութիւն ունեցող Սեւրի պայմանագիրին եւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին ձեւաւորման գործընթացին, քաղաքական եւ իրաւական բովանդակութեան ու վերջին 100 տարիներուն զայն կեանքի կոչելու համար ծաւալած բարդ եւ դժուար պայքարին մասին:
Հաղորդենք, որ հատորին խմբագիրն է պատմագիտութեան դոկտոր Գէորգ Ս. Խուդինեան: Հեղինակային խումբին մէջ ընդգրկուած են պատմագիտութեան 6 դոկտորներ եւ 3 թեկնածուներ:
Ազրպէյճան Չ՛արտօներ Շուշիէն Հանել 1500-է Աւելի Արուեստի Գործեր Եւ Բացառիկ Նմուշներ
Յայտնի երկրաբան, բարեգործ Գրիգոր Գաբրիէլեանց, «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» կազմակերպութեան տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան եւ Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնը աշխուժ բանակցութիւններ կը վարեն ռուսական կողմին հետ` թշնամիին յանձնուած Շուշիի մէջ տակաւին պահպանուած թանգարանային ցուցանմուշները փրկելու եւ տարհանելու շուրջ: Այս մասին յայտնեց Լուսինէ Գասպարեան, որ յոյս ունի` ռուսական կողմին միջնորդութեամբ կարելի պիտի ըլլայ փրկել գոնէ Շուշիի մշակութային հսկայ ժառանգութեան պատառիկները:
Մինչեւ սեպտեմբերեան պատերազմը Արցախի մշակութային կեդրոն համարուող Շուշիի մէջ գործած է 4 պետական եւ 2 սեփական թանգարան: Ցաւօք, պատերազմի ժամանակ միայն գորգերու մասնաւոր թանգարանի ցուցանմուշները տարհանուած են քաղաքէն, իսկ թանգարաններու կազմակերպութեան կազմին մէջ գտնուող 4 թանգարաններէն 3-ին ցուցանմուշները տեղափոխուած են ապաստարան:
«Ես նոյեմբերի սկիզբը Շուշի կը գտնուէի, իսկ Երեւան տեղափոխուած եմ միայն նոյեմբեր 5-ին: Այդ ընթացքին ոեւէ մէկուն մտքէն չէր կրնար անցնիլ, թէ կրնայ քաղաքը յանձնուիլ եւ ապաստարանին մէջ գտնուող հաւաքածոները տարհանելու կարիքը ըլլայ: Մենք բոլոր նմուշները ռմբակոծումի տակ տեղափոխեցինք ապաստարան եւ եթէ շշուկներ լսած ըլլայինք, որ կրնայ ըլլալ Շուշին յանձնուի, մենք այդ հաւաքածոները կը տեղափոխէինք Ստեփանակերտ, ինչպէս որ ըրինք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած միւս տարածքներուն պարագային», ըսաւ Գասպարեան: Ան շեշտեց` ըսելով, որ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց չեն տեղեկացուցած քաղաքը յանձնելու մտադրութեան մասին, մինչդեռ պաշտպանական գերատեսչութիւնը մինչեւ նոյեմբեր 9-ը կը պնդէր, որ Շուշին մեր վերահսկողութեան տակ է:
Փաստօրէն, ներկայիս թշնամիին վերահսկողութեան տակ անցած են Շուշի քաղաքի պատմութեան եւ մշակոյթի 197 յուշարձան (158 միաւոր), Կերպարուեստի թանգարանի մօտ 800 գեղանկարներ, գծանկարային աշխատանքներ, քանդակներ, Շուշիի երկրաբանութեան թանգարանի 700-է աւելի նմուշներ: Նշենք, որ Երկրաբանութեան թանգարանին մէջ ներկայացուած էին ինչպէս Արցախի տարածքին յայտնաբերուած օգտակար հանածոները, այնպէս ալ` երկրաբանական առումով հետաքրքրութիւն ներկայացնող համաշխարհային նմուշներ, որոնց մեծ մասը թանգարանին նուիրուած էր Խորհրդային Միութեան երկրաբանութեան վերջին նախարար, երկրաբան հանքաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Գրիգորի Գաբրիէլեանցը:
«Այսօր ազրպէյճանական կողմը չի փափաքիր լսել անգամ Շուշիի մէջ մնացած հաւաքածոները վերադարձնելու մասին, մինչդեռ այդ բոլորը մեր մշակութային ժառանգութիւնը կը հանդիսանան եւ պէտք է վերադարձուին մեզի: Իմանալով թշնամիին ծրագիրը` դրական ակնկալութիւններ չունինք բանակցութիւններէն, սակայն պէտք է ամէն ինչ ընել եղածը փրկելու համար», յայտնած է ան: Լուսինէ Գասպարեան նշած է, որ պարբերաբար կը հետեւի ազրպէյճանական աղբիւրներու մէջ հրապարակուած քատրերուն, որոնց մէջ կ՛երեւի, որ հրետակոծութեան ընթացքին թանգարանը չ՛աւերուիր: Ըստ անոր, այս մէկը կը վկայէ, որ ապաստարան տեղափոխուած նմուշները մինչեւ նոյեմբեր 9-ը չէին վնասուեր, եւ եթէ ազրպէյճանական կողմը հրաժարի նմուշները վերադարձնելէ կամ յայտարարէ, որ անոնք չեն պահպանուած, մեզի կը մնայ եզրակացնել, որ գործ ունինք հերթական պատերազմական յանցագործութեան հետ:
Նշենք, որ ժողովուրդներու մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւն հանդիսացող պատմական յուշարձաններուն, արուեստի ստեղծագործութիւններուն եւ պաշտամունքի վայրերուն դէմ ուղղուած յարձակումը միջազգային պայմանագրային եւ սովորութային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է, իսկ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ մշակութային յուշարձաններու աւերումը` ռազմական յանցագործութիւն:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Միջոցառումները` Հայաստանի Եւ Արցախի Մանուկներուն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Արցախէն տեղահանուած եւ զինուորներու երեխաներուն համար կազմակերպեց «Մէկ օր հրաշքի մէջ» խորագիրով ամանորի թատերական միջոցառումներու շարք: Այս մասին տեղեկացուցած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին մամլոյ ծառայութենէն:
«Ամանորի հրաշքը նաեւ մարզերու եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ բնակող երեխաներուն հասցնելու նպատակով Հիմնադրամը նախաձեռնեց տիկնիկային թատերախումբի այցելութիւններու դէպի Հայաստանի մարզեր եւ համայնքներ:
Ծրագիրի ծիրին մէջ, յունուար 13-ին, Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի պետական տիկնիկային թատրոնի մանկապատանեկան թատերախումբը հիւրընկալուած է նաեւ Գիւմրիի մէջ: Ամանորեայ ուրախ միջոցառումին ներկայ գտնուած էին մօտաւորապէս 100 երեխաներ` Գիւմրիէն եւ յարակից քանի մը համայնքներէ:
Մասնակիցներուն համար պատրաստուած էին անակնկալներ, շարժանկարի հերոսներ, հեքիաթային կերպարներ եւ հիւրասիրութիւն: Իսկ ամէնէն մեծ անակնկալը Կաղանդ պապային եւ Ձիւնանուշին գալն էր. երեխաները անձամբ ստացան իրենց նուէրները, որոնց մասին գրած եւ խնդրած էին Կաղանդ պապային ուղղուած իրենց նամակներուն մէջ:
Տիկնիկային թատրոնի դերասան Կարէն Մարտիրոսեան ըսած է. «Այս երեխաները մեր ապագան են: Իւրաքանչիւրս իր կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ պէտք է օգնէ անոնց ունենալու թէկուզ մէկ օր հրաշքի մէջ` անհոգ եւ ուրախ մանկութիւն»:
Թատերախումբին յաջորդ կանգառը Դիլիջանը եղած է, ուր կայացած միջոցառման մասնակցած են Դիլիջանի, Իջեւանի, Տաւուշի մարզի այլ համայնքներու մէջ բնակող 100-է աւելի երեխայ:
«Այդ ժպիտները եւ բարձր տրամադրութիւնը, որոնցմով կը հեռանան փոքրիկները, բոլորիս յոյս կը ներշնչեն, որ այս պայծառ բալիկները պիտի լիցքաւորուին կեանքով ու եռանդով եւ պիտի շարունակեն երազել եւ իրականացնել զանոնք: Մենք ալ կը փորձենք կարելի եղածին չափ շատ թիւով երեխաներու պարգեւել ամանորեայ հրաշքը, որպէսզի անոնք չունենան ուշադրութեան եւ ջերմութեան պակաս, յատկապէս այս օրերուն», նշած է Տիկնիկային թատրոնի բեմադրիչ Սամսոն Մովսիսեան:
Հաղորդագրութեան համաձայն, «Մէկ օր հրաշքի մէջ» ծրագիրի ծիրին մէջ արդէն իսկ իրականացուած է 10-է աւելի ներկայացում Երեւանի, Գեղարքունիքի, Շիրակի, Տաւուշի, Կոտայքի մարզերու շարք մը համայնքներուն մէջ: Ծրագրին մասնակցած են աւելի քան հազար մանուկներ եւ պատանիներ, որոնց մեծ մասը զինուորներու եւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու երեխաներ են:
Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանութիւնը Հանդէս Պիտի Գայ Մշակութային Շարք Մը Ծրագիրներով
Այս տարի Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը հայ-իրանական մշակութային կապերը ամրապնդելու եւ զարգացնելու նպատակով պիտի կազմակերպէ շարք մը ցուցահանդէսներ եւ այլ մշակութային միջոցառումներ: Գաղափարները կեանքի կոչելու նպատակով դեսպանատունը պիտի համագործակցի Հայաստանի մշակութային կառոյցներուն հետ:
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան մշակութային կցորդ Սէյետ Հոսէյն Թապաթապային յայտնած է, որ, հակառակ յունուարին ստանձնելուն իր պարտականութիւնները, բայց եւ այնպէս կրցած է գոյացնել որոշ համաձայնութիւններ:
«Հայաստանի նկարիչներու միութեան հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ կը պատրաստուինք մեծ ցուցահանդէս կազմակերպել` «Իրանը իմ աչքերով» խորագիրով: Ցուցահանդէսին հայ արուեստագէտները մեր երկիրը պիտի պատկերեն իրենց ընկալումին համաձայն: Յուսանք` ցուցահանդէսը յաջող ընթացք կ՛ունենայ եւ շարունակական կ՛ըլլայ: Յաղթողներն ալ Իրան երթալու առիթ պիտի ունենան», նշած է դեսպանատան մշակութային կցորդը:
Ան ընդգծած է, որ համաձայնութիւն ձեռք բերած են նաեւ Արեւելագիտութեան հիմնարկին հետ եւ առաջարկներով այցելած են քանի մը թանգարան: Յառաջիկային կը նախատեսուի ազգային հագուստի, ծէսերու, երաժշտութեան եւ մշակոյթի այլ ոլորտներու վերաբերող նախաձեռնութիւններ իրականացնել:
Երաժշտարուեստի Ներկայացուցիչները Հայոց Բանակին Օրը Պիտի Շնորհաւորեն Բարեսիրական Երգահանդէսով
Հայոց բանակին օրուան առիթով եւ պատերազմի ընթացքին նահատակուած զինուորներուն յիշատակը վառ պահելու նպատակով երգարուեստի խումբ մը գործիչներ հանդէս պիտի գան բարեսիրական համերգով, որ տեղի պիտի ունենայ յունուար 30-ին, Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ:
Երեկոյին ռազմական հայրենասիրական սիրուած կատարումներով հանդէս պիտի գան Նարէ Գէորգեանը, Գէորգ Մարտիրոսեանը, Հայկ Ղեւոնդեանը, Կայա Արզումանեանը, Աւօ Ադամեանը, Յակոբ Յակոբեան եւ Արմէն Յովհաննիսեանը, Գոհար Յովհաննիսեանը, Ռուբէն Սասունցին, Մանչը, Անէթ Աղաբեկեանը, Սաս Շախպարեանն ու Արշակ Ստեփանեանը եւ ուրիշներ:
Հասոյթը պիտի տրամադրուի պատերազմէն վերադարձած եւ վերականգնողական բուժում ստացած ընկերային անապահով զինուորներու ընտանիքներուն:
Յայտնենք, որ համերգային երեկոն կեանքի պիտի կոչուի «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք» համահայկական ամսագիրի աշխատակազմին նախաձեռնութեամբ:
«Կամք, Իմաստութիւն, Սէր». Անուանի Հայ Արուեստագէտներու Բացառիկ Գործերը Ներկայացուեցան Մէկ Հարթակի Վրայ
Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Յակոբ Կիւրճեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Սերգէյ Փարաճանովի եւ խումբ մը այլ անուանի հայ արուեստագէտներու աշխատանքները, որոնց մէջ ներկայացուած է Յիսուս Քրիստոսի կերպարը, ցուցադրուեցան «Կամք, իմաստութիւն, սէր» խորագիրով ցուցահանդէսին, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ յունուար 19-ին, Հայաստանի նկարիչներու միութեան ցուցասրահին մէջ:
Արդի հայ արուեստագէտներու աշխատանքներուն հետ ցուցադրուեցան նաեւ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի, Սերգէյ Փարաճանովի թանգարաններէն ընդգրկուած աշխատանքներ:
Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսը կոչուած է վերանայելու մեր ապրած դարաշրջանը, հայոց ոգին ամրացնելով` «կամքի, սիրոյ եւ իմաստութեան արժէքներով»: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ Սաթենիկ Վարդանեանի «Յիսուս Քրիստոսի կերպարը 20-րդ դարուն եւ արդի հայ արուեստին մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը:
2021-ին Եւս Մշակութային Օճախները Բաց Պիտի Ըլլան Դպրոցականներու Համար
Դպրոցական բաժանորդային համակարգի ներդրման ծրագիրը պիտի իրականացուի նաեւ 2021 թուականին:
Ըստ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, 2021 թուականին հանրակրթական դպրոցներու մէջ ուսանող իւրաքանչիւր աշակերտի կարելիութիւն պիտի ընձեռուի մինչեւ հրամանով սահմանուած ժամանակահատուածին աւարտը անվճար հիմունքներով այցելել մշակութային երեք հաստատութիւն` թանգարան, թատրոն, համերգասրահ: Ծրագիրը նախատեսուած է պետական հանրակրթական դպրոցներու 1-12-րդ դասարաններու աշակերտներու եւ ուսուցիչներու համար:
Բաժանորդային համակարգին միջոցով Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներու մէջ սորվող աւելի քան 386 հազար աշակերտներ պիտի կարենան մասնակցիլ իրենց համայնքին կամ Հայաստանի այլ քաղաքի մշակութային միջոցառման: Ծրագիրը կ՛երաշխաւորէ դպրոցականներու մշակութային կրթութեան իրաւունքի իրացման կարելիութիւնը: