ՄԱԳՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Արցախեան պատերազմին մասնակից, յաղթութեան բերկրանքն ու հպարտութիւնը ճաշակած, այնուհետեւ փլատակներէն յառնող Արցախ աշխարհի ծաղկման ու զարգացման երջանկութիւնը ապրած, վերջին պատերազմին անմնացորդ մարտնչած հայրենապաշտ ազատամարտիկը, ի տես դաւադրութեամբ ստեղծուած պարտութեան եւ տիրող համատարած ողբերգութեան, զայրոյթն ու ցասումը բռունցքներուն, խոր հառաչանքով կը մրմնջէ. «Այս ինչպէ՞ս եղաւ, որ ժողովուրդը յաղթեց ազգին»: Շարունակելով` կ՛ըսեմ. «Այն ազգին, որ քանի մը տասնամեակներ առաջ, ներկայի հնարաւորութիւններէն զուրկ, աւելի վատ պայմաններու տակ, իր լաւագոյն որդիներու արեան գնով կարողացեր էր ազատագրել Հայաստանի դարպասը եղող չքնաղ Արցախը»:
Նիկոլ Փաշինեանն ու իր աղանդաւոր խմբակը եկան խորտակելու Արցախով վաստկած մեր ազգային արժանապատուութիւնը, յաղթանակի հպարտութիւնը, հողահաւաքի-պահանջատիրութեան իրաւունքը եւ հայկեան մեր վարքն ու բարքը: Նիկոլ Փաշինեանը եկաւ պատուէրով, խաւարի ուժերուն կողմէ տրուած յստակ օրակարգով. հողերը յանձնել, Հայաստանը վերածել տարածքի, հայերը` ազգային արժէքներէ պարպուած, ստամոքսով երջանկացող անդիմագիծ զանգուածի:
Նիկոլ Փաշինեանի առաջին քայլարշաւին հետեւող, ազգային եւ միջազգային քաղաքականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցող, աշխարհի իրադարձութիւններուն մօտէն ծանօթ, նաեւ իր խօսքերուն տողատակներուն թափանցող իւրաքանչիւր բանիմաց հայ մարդ, չէր կրնար չտեսնել ու չկռահել գալիքը: Ան գառնուկի մորթով եկաւ` կրկնելով նոյն յանկերգը. «Ժողովո՛ւրդ ջան, սիրում եմ ձեզ, խոնարհւում եմ ձեր առաջ® Նոր Հայաստանի մէջ դուք պիտի ապրէք ազատ ու երջանիկ: Սա նոր Հայաստան է»: Ան երբեք չգործածեց` անկախ, ազգ, ազգային պետականութիւն, համերաշխութիւն, միասնականութիւն բառերը: Այնքան «նոր Հայաստան, նոր Հայաստան» վանկարկեց, որ ինծի այնպէս թուեցաւ, որ հինաւուրց Հայաստանին եւ անոր հազարամեայ մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան վրայ լախտ կ՛իջեցնէր: Անշուշտ հետագայ բոլոր քայլերը ցոյց տուին լախտի առկայութիւնը: Դժբախտաբար ժողովուրդին հետ ազգն ալ պահ մը արբեցաւ քաջնազարեան մեծ խօսիկութեամբ «ազատ եւ երջանիկ» ապրելու, բարեփոխումներ կատարելու խոստումներով, «դուխով» եկող թաւշեայ յեղափոխականի սիրալիրութեամբ: Խաւարի «ասպետները» շատ լաւ ընտրութիւն կատարած էին` հայ ժողովուրդին մէջէն ընտրելով սանձարձակ, անհաւասարակշիռ, ամբոխավար, ազգին եւ հայրենիքին դաւաճանելու յանձնառու, հայուն ամէնէն անազնիւ տեսակը, յանձինս Նիկոլ Փաշինեանին:
Ասկէ 2-3 տարի առաջ, երբ տանս մէջ նստած` վերապահութեամբ կը հետեւէի առաջին քայլարշաւին, հեռաձայնս հնչեց: Հայաստանցի իմ երիտասարդ բարեկամուհիս էր. խանդավառութեամբ կ՛աւետէր իր մասնակցութիւնը «թաւշեայ յեղափոխութեան»: Համբերութեամբ լսեցի, չէի ուզեր ուրախ տրամադրութիւնը փճացնել եւ իր սխալ կողմնորոշման համար վիրաւորել զինք: Սակայն ըսի, թէ չափազանց վերապահ եմ եւ կը ցաւիմ, որ չեմ բաժներ ուրախութիւնը, բայց կը յուսամ ու կը մաղթեմ, որ չի հիասթափուիր, աւելցնելով. «Մի՛ զարմանար, եթէ օր մը իրեն ալ ըսեն. «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր»»: Շատ զարմացած` այսքան վստահ դիրքորոշմանս պատճառը ուզեց հասկնալ. պատասխանեցի. «Այլ երկիրներու թաւշեայ յեղափոխութեանց դառն հետեւանքները եւ ներքին ձայնիս թելադրանքը. ըսուած է, որ քաղաքականութեան մէջ ներքին ձայնին դերը որոշիչ է: Հետեւաբար համոզուած եմ, որ Նիկոլ Փաշինեանը արտաքին ուժերու պատուէրով եկած է ապազգային գործունէութիւն ծաւալելու»:
Քանի մը ամիսներ յետոյ երիտասարդ բարեկամուհիս, լսելով ու տեսնելով Նիկոլ Փաշինեանի, վարչապետի անյարիր կեցուածքն ու բառամթերքը, պառակտիչ խօսքերը, ատելութեան սերմանումը, սեւ-սպիտակի, նախկիններ-նորերու բաժանարար դերը, արցախեան պատերազմի հերոսները նսեմացնող, կարեւոր նախարարութիւններ ջնջող, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին արհամարհող, մանաւանդ վեհարանը պղծող եւ, աւելի առաջ անցնելով, հայ լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան` բարեփոխումներու անուան տակ ապազգայնացնելու իր շարունակական սադրիչ արարքները, հիասթափեցուցեր էին բանասիրութեան դոկտորայի թեկնածու հայրենասէր հայուհիին: Ան հարց տուաւ. «Առաջին օրէն ինչպէ՞ս գիտէիք Փաշինեանի ազգավնաս ծրագիրներով եկած ըլլալը»: Կրկնեցի նախապէս տուած պատասխանս. «Այլ երկիրներու փորձով, ակնյայտ օրինակներով»: Ուրախ էի, որ անդրադարձեր էր ու կը գիտակցէր իրականութեան: Բայց ափսոս, որ «ազատ ու երջանիկ» ապրելու իղձով տարուած խաւը չնկատեց ազգը թուլացնող, օղակ առ օղակ հիւսուող վտանգը եւ ժամանակին պաշտօնանկ չըրաւ ոգեղէն հայրենիքը քանդելու, ապա հողեղէնը վաճառելու կոչուած դաւաճանը:
Այսօր ազգովին կը գտնուինք ծանր, շա՛տ ծանր ողբերգութեան առաջ: Կորսնցուցինք մեծ Հայաստանի փոքր մասնիկը եղող դրախտավայր Արցախը: Կորսնցուցինք հազարաւոր քաջարի, սիրուն զինուորներ, որոնք իրենց սիրած աղջիկներուն հետ միասին ապագայ մեր զինուորները, գիտութեան, պատմութեան, մէկ խօսքով` մշակոյթի պահապանները պիտի ծնէին: Իսկ գերի ինկած մեր զինուորները… Սարսափով ու մղկտանքով կը մտածեմ անոնց մասին` գիտակցելով թշնամիին վայրագութեանն ու դաժանութեանը: Հապա մեր հաշմանդամնե՞րը, անոնց հոգեկան վիճակը, տառապանքը: Անոնք երբեք պիտի չմոռնան եւ իրենց ներկայութեամբ միշտ պիտի յիշեցնեն դաւադրութեամբ ստեղծուած այս ահաւոր աղէտը:
Այսօր լոյսի երկիր Հայաստանը, Արցախն ու համայն սփիւռքահայութիւնը խաւարի ու սուգի մէջ կը տուայտին: Հայ մարդուն ողնասիւնը ուժգին հարուածուած, ազգային արժանապատուութիւնը խորապէս վիրաւոր, խաբուած ու դաւաճանուած, աղէտի ծանրութեան տակ կքած, գլուխը բարձրացնելու անզօր, անէծքի անվարժ իր լեզուով կ՛անիծէ այն օրը, երբ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ազգուրաց քայլականները բազմեցան ազգային աթոռներու վրայ: Ներկայի ողբերգութեան գլխաւոր պատասխանատուներն են Նիկոլ Փաշինեանն ու իր «Էռատօ թագուհի» կինը` Աննա Յակոբեանը, որ աւելի վտանգաւոր է, քան` Նիկոլ Փաշինեանը: Յիշենք, որ հայոց պատմութեան մէջ Էռատոն հաւասար է դաւաճանութեան: Աննա Յակոբեանը, եթէ ազգային գաղափարախօսութիւն կրող հայուհի ըլլար, վստահօրէն պիտի նախընտրէր իր ջոկատը անուանել «Սօսէ» կամ «Փառանձեմ» եւ ոչ թէ` «Էռատօ». նաեւ պիտի յորդորէր իր ամուսինը, որ յանուն ազգին եւ հայրենիքին` հրաժարի փառքի աթոռէն: Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. անոնք ի սկզբանէ եկած էին դաւաճանելու: Սակայն ոչ ոքի մտքով կ՛անցնէր այսքան ստոր դաւաճանութիւն: Արեամբ ազատագրուած հող հայրենին` գողտրիկ Արցախը 30 արծաթով ծախելէ ետք թշնամիին, ան կը շարունակէ մաս առ մաս Ազրպէյճանին նուիրել նժդեհեան սերունդի արեամբ շաղախուած Սիւնիքի, Որոտանի շրջաններէն հողամասեր: Անցեալին քոչուոր թաթարները վախով եւ խնդրանքով կու գային իրենց հօտերը արածեցնելու մեր կանաչազարդ դաշտավայրերուն եւ սարերուն վրայ. այսօր նոյն թաթար ցեղի զինուորները, օր ցերեկով, սանձարձակ կը զետեղեն իրենց կանաչազարդ դրօշակները մեր հինաւուրց հողերուն վրայ: Սահմռկեցուցիչ տեսարան` հայ մարդուն համար: Հայաստանը մատնուած է անտիրութեան, ոչ մէկ հակազդեցութիւն` թշնամիին ոտնձգութիւններուն դիմաց:
Իշխանութիւնը իր լռութեամբ համաձայն է եւ մեղսակից: Ազգը երբեք պիտի չներէ թշնամիին առջեւ ծունկի եկած, սեփական ժողովուրդը տնազուրկ, հայրենազուրկ դարձուցած, հայկեան տոհմն ու հայրենիքը թշնամիին ու աշխարհին առջեւ նուաստացուցած Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր անողնաշար խմբակին:
Հողի եւ մարդուժի կորուստով խոր ցաւի տակ ինկած, ազգի եւ հայրենիքի ապագայով մտահոգ, անզօր ու անճար կը խորհրդածեմ. «Այս մղձաւանջէն ետք արդեօք մեր պատանիներն ու երիտասարդները պիտի կարողանա՞ն նոյն թափով երգել` «Արարատի գլխուն դրօշ պիտի դնենք վաղ թէ ուշ, հրով լինի, սրով լինի, պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»: Ներսիդիս նստած հայկեան եւ նժդեհեան հզօր ոգիներու թելադրանքով, տխուր պահի կասկածներս իրենց սաղմին մէջ խեղդելով, յուսահատութիւնս թօթափած, մէջքս ուղղած եւ հայեացքս դէպի երկինք` հաստատակամ կը բացագանչեմ. «Այո՛, պիտի կարողանան, պիտի կարողանանք ազգովին աւելի ուժեղ հնչեղութեամբ երգել, նաեւ` ուսուցանել զայն մեր զաւակներուն եւ թոռներուն եւ այսպէս` շարունակաբար, միակամ ու միասնական երգելով ու մարտնչելով, ետ պիտի բերենք այն, ինչ որ դարերով պատկանած է մեզի: Նախ` անհայրենիք Փաշինեանի թեթեւ ձեռքով թշնամիին յանձնուած Արցախ աշխարհը, ապա գրաւեալ հողերը` «Մըր Էրկիրը»: Այն ատեն, միա՛յն այն ատեն վերականգնուած արժանապատուութեամբ, հպարտօրէն, միասնաբար պիտի կարենանք զետեղել հայոց դրօշը Արարատի գագաթին:
Երգը իրականութիւն դարձնելու համար պարտաւոր ենք այսօրուընէ ազգովին որոշել` ապրիլ համեստ կեանքով եւ անմնացորդ սատարել մեր գոյութեան, անվտանգութեան երաշխիքը եղող Հայոց Բանակին, զայն զինելով արդիական ամենահզօր զինամթերքներով: Քանի անքաղաքակիրթ, գազանաբարոյ հարեւաններ ունենալու դժբախտութիւնը ունինք, մեր զաւակները, մարդկային եւ ազգային վեհ գաղափարներով ու առաքինութիւններով դաստիարակելով մէկտեղ, պարտաւոր ենք անոնց մէջ դրոշմել ռազմական ոգի, «ատամն ընդ ատաման, ակն ընդ ակնայ»-ի սկզբունքով: Մեր վայրագ թշնամիին միակ լեզուն այս է: Եթէ չենք ուզեր ստրուկ մնալ, պիտի խօսինք իր լեզուով:
Պատմութիւնը շատ դասեր տուած է, սակայն «խելքի չենք գալիս»: Սոյն պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն կարեւոր է բանակին կողքին ունենալ ազգային եւ միջազգային գիտելիքներով հարուստ, մանաւանդ հայրենասէր եւ ուժեղ քաղաքական իշխանութիւն: Ծափ ու թափ տուող ժողովուրդը սխալեցաւ իր ընտրութեան մէջ:
Այսօր ժամանակն է հայկեան անշեղ լոյսով խաւարը ցրուելու, ցորենը որոմէն, ազնիւ հայը ազգուրաց աղանդաւորներէն զատորոշելու եւ ըստ այնմ ընտրութիւն կատարելու եւ ընտրելու` կրթուած, պաշտօնին համապատասխան մասնագիտութեան տէր, հայապաշտ եւ հայրենապաշտ քաղաքական ղեկավարներ, որոնք չեն վաճառուիր եւ չեն վաճառեր, այլ աչքի լոյսի նման կը պահեն ու կը պահպանեն հող հայրենին` իր ամբողջական սահմաններով, ազգային պետականութեամբ, մշակոյթով, մէկ խօսքով` ազգային ինքնուրոյնութեամբ: Ղեկավարներ, որոնք իրենց համեստ ու պարկեշտ կենցաղով, խիզախութեամբ, արդարադատութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ օրինակ ծառայելով` կը ձեւաւորեն այնպիսի հասարակութիւն, որ գիտակցելով իր քաղաքացիական իրաւունքներուն, պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն, նաեւ` ազգային արժէքներուն, կը մարմնաւորէ հզօր ազգը, որուն զաւակները մարդկային եւ ազգային վեհ գաղափարներով զինուած, չորս ծագերէն փչող քամիներուն դէմ աներեր, հաւատարիմ արմատներուն` թոյլ չեն տար, որ ներկայ ժամանակներու աշխարհակալ սորոսներն ու անոնց հովանաւորած աղանդաւորները յաղթեն ազգին եւ յանդգնին որոշել անոր ճակատագիրը:
Այս բոլորէն ետք, արիասիրտ ա՛զգ իմ, «Մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս»:
Խունկ ու աղօթք` մեր պանծալի զինուորներուն յիշատակին:
Երախտագիտութիւն եւ մխիթարութիւն` որդեկորոյս մայրերուն եւ հայրերուն: