Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԵՏԱԿԱՆ ԽԵՆԹՈՒԹԻՒՆ

March 30, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետութիւն ըսուածը կը ստեղծուի երկրի մը ժողովուրդին կողմէ` այդ նոյն ժողովուրդին տիրութիւն ընելու, անոր ապահովութեան հսկելու, բարօրութիւն տալու համար եւ այլն…:

Ժամանակին գտնուած են պետական դէմքեր, որոնք առանց կարմրելու, առանց ամչնալու, յայտարարած են. «ԵՍ եմ պետութիւնը»: Կը կարծէինք, որ այդ ոճը, յաւակնութիւնը մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալին կը պատկանէին: Այդպէս չէ եղեր: Մինչեւ 21¬րդ դար, մինչեւ այս պահ, կան ղեկավարներ, որոնք նոյն բանը կը յաւակնին` առաւելագոյն ուժգնութեամբ, աներեսութեամբ եւ ախմախութեա՜մբ:

Պետական թիւ մէկ դէմքերը, զանազան երկիրներու մէջ, այս պահուն Լիպիոյ եւ Եմէնի մէջ յատկապէս, ցոյց կու տան, որ տմպօ աշակերտէ մը աւելին չեն: Չեն սորվիր, չեն տեսներ, չեն իմանար, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ ոեւէ բռնատէրի:

Այս պահուն երկու նախագահներ, որոնք իշխանութեան աթոռին կառչած են տասնեակ տարիներէ ի վեր, չեն տեսներ, թէ իրենց դրացնութեան մէջ եղողներուն ի՛նչ պատահեցաւ: Եգիպտոսի եւ Թունուզի բռնատէրերը գացին, նոյնիսկ մոռցուեցան: Յետ այսու եթէ պիտի յիշուին, այն ալ պիտի ըլլայ իրենց վատ արարքներուն համար միայն:

Սալեհ եւ մանաւանդ Քազզաֆի հերոսները, որոնց գահ բարձրանալու թուականները այնքան հին են, որ գրեթէ չեն յիշուիր, իւրաքանչիւրը կը յաւակնի մարմնաւորել ինք իր պետութիւնը: Չ՛ուզեր, եղբայր, չի կրնար տեսնել եւ սորվիլ, որ այսօրը երէկ չէ: Չեն ուզեր հաւատալ, որ առանց իրենց ալ աշխարհը կրնայ դառնալ արեգակին շուրջ. առաւօտն ալ իրիկուն  կրնայ ըլլալ նոյնիսկ առանց իրենց:

Այս «հերոսածին» մարդիկը, պարզապէս իրենց գահը պահելու համար իրենք զիրենք այնքա՜ն կը նուաստացնեն: Երանի՜ միայն այդքան ըլլար:

Հազար ու մի մեքենայութեան կը դիմեն, գէթ  իրենց տապալումը ուշացնելու համար: Երանի՜ միայն այդքան ըլլար:

Չեն վարանիր իրենց երկար իշխանութեան օրօք իրենց դիզած զէնքերը եւ զինամթերքը ոչնչացած տեսնել: է՜հ, ժամանակին զէնք վաճառող մեծ պետութիւնները մանուկներու տրուող խաղալիքներու պէս այս երկիրներուն զէնք տուած էին, վաճառած էին: Հիմա հրասայլեր, օդանաւեր կամ թնդանօթներ կ’այրին ու կը հալին նոյն վաճառողներուն ձեռքերով: Ինչ փոյթ, վաղը նորէն զէնք կը վաճառեն իրենց: Վերջ ի վերջոյ քարիւղ ըսուածը ո՞ր օրուան համար է: Տակաւին երանի՜ միայն այդքան ըլլար:

Չեն վարանիր արիւն հեղել իրենց ձեռքերով կամ ուրիշներու, պարզապէս գահերուն իրենց կառչածութիւնը պահելու համար:

Եթէ պիտի երթան իրենք, այլեւս ի՜նչ պէտք կը մնայ պետութեան, երկրի, ժողովուրդի, գիւղ ու քաղաքի, զէնք ու զրահի… Իրենք մէկ կողմ, երկիր եւ ժողովուրդ մէկ կողմ: Թող երթան, ճեհեննեմ էլ համրա, երկիր եւ ժողովուրդ, եթէ իրենք պիտի չմնան…

Եթէ երկու ասպետները բաղդատենք, պիտի տեսնենք, որ առաւելագոյնս ինքզինք յաւերժացնելու հակում ունի  Լիպիոյ չքնաղ նախագահը: Մի՛շտ տարօրինակութիւններով զինուած, կրցած է բազմած մնալ գահին վրայ: Եւ հաստատած է, որ այդ գահը (թէկուզ եւ կանաչ վրանի մը տակ զետեղուած) մի միայն իրեն եւ  ընտանիքի՜ն կը վայլէ: Իր շուրջ հաւաքուած հարիւր¬երկու հարիւր ցուցարարներու առջեւ, որոնք ակներեւ էր, որ հոդ բերուած էին պարտադրաբար, կանգնած` կը յորդորէր շարունակե՜լ պայքարը: Ի՞նչ պայքար, կարեւո՜ր չէ՛. միայն կեցցէ «արե՜ւ ղեկավար  եղբայրը»: Տոնքիշոթեան առաւելագոյն ծիծաղելիութեամբ օժտուած այս մարդը կը վստահեցնէր, որ ամբո՜ղջ աշխարհը իրենց կողքին կանգնած է: Իբր թէ ցոյցեր կը կատարուէին իր արե՜ւ իշխանութեան զօրակցող` Եւրոպայի, Արաբական աշխարհի եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Եղբայր, այդ ի՜նչ սքանչելի մարդ է եղեր, իսկ միւս կողմէ իր ժողովուրդը եւ արար աշխարհը կ՛ուզեն գահընկէց ընել զինք: Ի՜նչ ապուշ են եղեր այս բոլորը: Այսպիսի հրաշք եւ հանճար մը ինչո՞ւ հեռացնել գահէն…

Հիմա սպասել կը մնայ: Երկուքն ալ երերացող գետնի վրայ կանգնած են: Գնալո՜ց են, բայց կարելի չէ՞ խնայել երկրին, ժողովուրդին եւ իրենք իրենց…

Եւ անօթի գայլերու վոհմակը գտաւ յարմար պատեհութիւնը եւ սկսաւ ջարդել չորն ու կանաչը` յանո՜ւն մարդասիրութեան եւ մարդկային իրաւանց… Փանջունիի ըսածին պէս, շինուելիք  ձուածեղին համար հաւկիթ կոտրելու տարրական պահանջէն մղուած, այսօր կը կործանի երկիր մը` իր քաղաքներով, գիւղերով, օդակայաններով, նաւահանգիստներով եւ այլն: Ժողովուրդն ալ այդ բոլորին հետ կը նետուի տապակին մէջ:

Այսօր սկսած են բաժնեկցութեան սկզբունքով երկիրը իրենց միջեւ բաժնել, գէթ ազդեցութեան գօտիներու անուան տակ, մի՛շտ ժողովրդավարութեա՜ն եւ գործնականութեան  սկզբունքներով: Ստեղծուած կացութենէն առաւելագոյնս օգտուելու ընթացքի մէջ է, ինչպէս միշտ, Թուրքիան: Յեղյեղուկ քաղաքականութիւն վարելով` այսօր ստացած է Պենկազիի օդակայանին հսկողութիւնն ու տնօրինումը:

Ներկայ կացութեանց մէջ, ախոյեաններ են խայտաբղէտ հեռատեսիլի կայանները: Իւրաքանչիւրը ունի իր համակրանքը, որ անշուշտ կը ծագի քաղաքական եւ տնտեսական շահերէ: Ըստ երեւոյթին եւ ըստ էութեան, մաքուր չեն կթեր այս հաստատութիւնները: Սուտն ու իրաւը իրար խառնելը, այդ լրատուութեանց ու մեկնաբանութեանց մէջ այնքան ալ այպանելի չե՜ն: Վերջապէս պիզնեսի հարց է…

Մեր դրացի երկրին մէջ եւս կացութիւնը համով չէ՜: Ըստ երեւոյթին, նախագահ փոխելու պահանջ դնելու չափ յառաջ չեն երթար ցուցարարներ: Իսկ նաեւ վարձկաններու, խառնակիչներու եւ դաւադիրներու մասին տարածուած լուրերը ճշմարիտ են, ըստ երեւոյթին:

Կ’ըսուի, որ մեր երկրին մէջ որոշ հոսանքներ դերակատարութիւն ունին այս իրարանցումներուն մէջ: Փողը երբ առատ է, կարելի է շարժիլ: Կ’ակնկալեն, որ տակնուվրայ ըլլայ դրացի երկիրը, քայքայուի, որպէսզի իրենց սրտերը զովանան: Վրէժ ունին այս շեպապները: Հաշիւ չեն ըներ, որ մեր մօտիկ երկրէն ցատկած կայծեր կրնան հոս ալ իյնալ եւ մեզ ալ այրել: Բայց կարծԷք, որ իրենց մուրազները իրենց փորերուն մէջ պիտի մնան:

Աստուած թող իմաստութիւն եւ  պայծառատեսութիւն շնորհէ աշխարհի ղեկավարներուն: Ջերմեռանդութեամբ կ՛աղօթեմ, որ այդ պայծառատեսութենէն աղուոր խոշոր ծրար մը ղրկէ մեր հայրենի պետական ղեկավարութեան, ուր ամէն բան եոլա չ՛երթա՜ր, ըստ երեւոյթին…

ՁԻՒՆԱԿԱՆ

 

Նախորդը

«ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ» ԳԻՐՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՐՔԱԿԱՆ ԽՈՐԱՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.