Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Ձմեռնային Փառատօնը Չինաստանի Մէջ

Յունուար 9, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Չինաստանի հիւսիսը, Ռուսիոյ սահմանին մօտ գտնուող եւ մօտաւորապէս մէկ միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հարպին քաղաքը ճանչցուած է իբրեւ Չինաստանի «Սառոյցի քաղաքը»:

1985-ին է, որ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ ձմրան եղանակին յատուկ այս փառատօնը չինական հիւսիսային նահանգի այս քաղաքին մէջ: Ընդհանրապէս ան կը տեւէ մօտաւորապէս մէկ ամիս, սակայն անոր փակման թուականը կախեալ է յատկապէս ձիւնհալէն: Փառատօնին գլխաւոր հետաքրքրութեան առարկան` «Սառոյցի եւ ձիւնի աշխարհը» անունով ճանչցուած, ընդարձակ սառած արձաններու բաժինը հիմնուեցաւ 1998-ին:

* * *

Այս տարի Հարպինի 37-րդ փառատօնը իր դռները բացաւ 5 յունուարին «Քովիտ-19» համաճարակին պատճառով պատասխանատուները դժբախտաբար ստիպուած եղած են ջնջելու բացումի տօնակատարութիւնները, ինչպէս` Նոր տարուան գիշերուան յետհաշուարկը:

Սակայն այս տարուան փառատօնին այցելուները, անշուշտ` յարգելով առողջապահական խիստ պայմանները, առիթը պիտի ունենան պտտելու հսկայական սառոյցէ արձաններու ցուցադրավայրին մէջ: Այս տարուան փառատօնին վերնագիրն է` «Կախարդական Հարպին, եւ ձիւնէ ու սառոյցէ հմայիչ Չինաստան», եւ կ՛ընդգրկէ ձմեռնային ձեռնարկներ, ժամանցներ, խաղեր…

 

Այս տարուան գլխաւոր գործը անուանուած է` «Սառոյցէ քաղաքին սիրտը»: Ան 40 մեթր բարձրութիւն ունեցող, այսինքն մօտաւորապէս 12 յարկանի շէնքի մը հաւասար սառոյցէ սիւնի ձեւով կառոյց մըն է: Այս սառոյցէ արձաններուն կողքին, պատասխանատուները շինած են նաեւ ութ սառոյցէ հսկայական սահնակներ, որոնք այցելուներուն մեծ հաճոյք կը պատճառեն:

 

Սակայն ցուցահանդէսին ամէնէն գրաւիչ արձանը 116 մեթր երկարութիւն եւ 33 մեթր բարձրութիւն ունեցող եւ 35 հազար խորանարդ մեթր ձիւնէ շինուած վիշապ մըն է: Այս ձիւնէ արձանները այցելելը նախընտրելի է օրուան ընթացքին, սառոյցէ կառոյցները իրենց հրաշալիքները կը պարզեն յատկապէս գիշերը, երբ լոյսերու խաղեր կը ստեղծեն կախարդական մթնոլորտ մը:

                               Արքթիքի Եւ Անթարքթիքի Մէջ

– Կրինլենտի հիւսիսը գտնուող Իլլուլիսաթ գիւղը Արքթիքի ձմրան ընթացքին 6 շաբաթ ամբողջական մութի մէջ կ՛անցընէ: Արեւը բնաւ չի յայտնուիր հորիզոնին ետեւէն:

– Արքթիքի մէջ կ՛ապրին 20 հազարէն 25 հազար բեւեռային արջեր: Անոնք կրնան այդ վայրի բնութեան մէջ ապրիլ մինչեւ 25 տարի:

– Պորխէ Աուսլենտ եւ իր նշանածը` Հեկը, իրենց երեսուն հիւրերուն ընկերակցութեամբ, դարձան առաջին զոյգը, որ պսակուեցաւ հիւսիսային բեւեռին մէջ, 2012 թուականին: Այդ օրը օդը պայծառ էր, բայց ջերմաստիճանը` -23 էր:

– Աշխարհի անուշ ջուրին 70 առ հարիւրը կը գտնուի Անթարքթիքայի մէջ:

– Անթարքթիքայի մէջ եւ շուրջը կ՛ապրին մօտաւորապէս 5 միլիոն փենկուէններ (թեւատներ): Անոնցմէ ամէնէն մեծ տեսակը` էմփըրըր թեւատը, կրնայ կշռել մինչեւ 40 քիլօ:

– Թեւատի 4 տեսակներ կ՛ապրին Անթարքթիքայի մէջ` ատելին, ճենթուն, էմփըրըրը եւ չենսթրափը: Արքթիքի մէջ թեւատներ գոյութիւն չունին:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել թագին հասցնող ճամբան
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար, 17+16=33:
Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պատերազմի Շարունակուող Ալիքը

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?