ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս պիտի նշուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագին տօնը:
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ի, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Պատարագի աւարտին, դպրեվանքի սարկաւագները գեղարուեստական յայտագիր պիտի ներկայացնեն վեհարանի դահլիճին մէջ, ապա վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղէ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` աղօթակից դառնալու դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն:
Կը յանձնարարենք յարգել «Քորոնա» ժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները (քթակապ գործածել եւ հեռաւորութիւն պահել): Ս. պատարագին կրնաք հետեւիլ կաթողիկոսարանի «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ի առցանց հարթակէն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ`
ԶԱՀԼԷԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020
Պիտի պատարագէ եւ քահանայական ձեռնադրութիւնը կատարէ
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Քահանայ պիտի ձեռնադրուի
ԲՐՇ. ԱՍԱՏՈՒՐ ՍՐԿ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԿՈՉՄԱՆ ԿԱՐԳ
Շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ին, յընթացս Ս. պատարագի:
Սկիզբ Ս. պատարագի` առաւօտեան ժամը 9:30-ին:
Ձեռնադրութիւնը պիտի սփռուի «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանէն:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱԿՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՐԱՉ Ս. ՓԱՓԱԶԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Շուժունեան հանգուցեալ Միսաք Ներսէսեանի մահուան քառասունքին առիթով կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 1.000.000 լիբ. ոսկիով:
24 դեկտեմբեր 2020