Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տունը Մնալու «Արուեստ»-ը Եւ Հոգելլկումը (Խորհրդածութիւն)

Դեկտեմբեր 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ա՛լ չենք դիմանար, բա՛ւ է այսքան…

Նման խորագիրի ու մտածումի առիթ տուողը նոյնինքն նորահաս սերունդն է, որ այս օրերուն («Քորոնա ժահր) կը դիմագրաւէ, շատերու կարգին, տարօրինակ  հոգեվիճակներ, այլ խօսքով` մտատանջումի տեսականի:

Ճիշդ է, որ նման հոգեբանական հարցերու վերլուծման հասցէատէրեր շատ են մեր շրջապատին մէջ, ինչպէս` հոգեբան, հոգեբուժ, ընկերաբան, մանկավարժ եւ այլն, այդուամենայնիւ, մեր իրականութեան մէջ կայ սերունդ մը, զոր կարելի է կոչել յետպատերազմեան սերունդ, որ այս եւ նախորդ փուլին,  իր կարգին, ականատես կը դառնայ տարօրինակ երեւոյթի մը, որով կլանուած են որոշ տարիքի` պարման-պարմանուհի, երիտասարդ-երիտասարդուհի խմբաւորումներ: Մատնանշումը չունի բացարձակի տրամաբանութիւն, այսինքն` միշտ ալ յարգելի է բացառութիւնը իր տոկոսային համեմատութեամբ:

Ամբողջ մարդկութիւնը անակնկալի եկած` կը շարունակէ իր պատերազմը այս «փոքր» թշնամիին դէմ, պահպանելու համար իր տեսակն ու շարունակականութիւնը: Սա, ձեւով մը, բնազդային ինքնապաշտպանութիւն է, որով օժտուած է ամէն կենդանի էակ, որ ծնունդն է տիեզերական գաղտնիքներու:

Իրօք, վերեւ յիշուած, այսպէս ըսած, չափազանցեալ վիճակը (հոգելլկումի), իր կարգին, ունենալով հանդերձ բնական պատճառներ թէ բացատրութիւն, այսօր, մեր ապրած ճգնաժամին մէջ, ինքզինք կը դրսեւորէ տարօրինակ «զգայնութեամբ»: Փաստօրէն, 15-25 տարիքի մէջ եղողներ, որոնք կը յատկանշուին թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ մտային թարմութեամբ, նորովի ստեղծուած կացութեան մէջ ցոյց տուին անսովոր վերաբերումի վիճակներ, որոնք չէին կրնար մեր ուշադրութենէն վրիպիլ:

Բաւարար է վերյիշել Լիբանանի քաղաքացիական դժխեմ պատերազմի (1975-1990) ահ ու սարսափի, մահուան ու քանդումի, դառն ճակատագրի թէ հոգելլկումի 15 երկա՜ր տարիները, եւ արդէն մեր յիշողութեան պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուի  տուեալ ժամանակաշրջանին մէջ հասակ առած ամբողջ սերունդի մը դիմագրաւած դառնութիւնը, ահաւոր ճնշումի տարողութիւնն ու ապրած ողբերգութիւնը:

Բաղդատական վերլուծութիւն կատարելու ժամը վաղուց անցած է, որովհետեւ չորս տասնամեակի հեռաւորութիւն մը գոյութիւն ունի: Սա չի նշանակեր, սակայն, որ անցեալի դասերը չեն վերաբերիր նաեւ նոր ժամանակներուն` իբրեւ ցուցանիշ կամքի ու փորձառութեան, մտքի հարստացման եւ կենսակերպի բարելաւման:

Իրօք, ժամանակները շատ արագ փոփոխութիւն կրած են, գիտութիւնը հազարասմբակ կը սուրայ, արհեստագիտութիւնը գագաթներ կը նուաճէ, մարդու տեսակը այլանդակ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է, մօտիկ անցեալի գրեթէ բոլոր հնարաւորութիւնները (գիտական, մարդուժի) կարծես տակաւ կը խամրին, կամ պիտի չքանան, այլապէս նորերով փոխարինուելու (համացանց, մարդամեքենայ) եւ այլն:  Ահա, նման կացութեան մէջ, այս պարագային` «Քորոնա» ժահրի, նորահաս սերունդի մը դիմադրողականութեան աստիճանչափը ի յայտ կու գայ:

Անշուշտ, խօսքը հոգեմտային պատրաստուածութեան, հարցերը առ ճակատ դիմագրաւելու եւ տոկունութիւն ցոյց տալու հրամայական պահանջի մասին է:

Հազիւ նորայայտ ժահրը մեր դռները թակեց եւ տան մեկուսացման ստիպողական կացութիւն մը ինքզինք պարտադրեց, արդէն նորսերունդեան հոգելլկումի տեսականի մը մեր դիմաց պարզուեցաւ: Ամէն ինչ սեւ սկսաւ երեւիլ, մեղադրանքներու «կապոց» մը լսելի դարձաւ, կենսակերպի թէ կրթական աշխատանքի փոփոխութեան դէմ` տրտունջքի ալիք մը բարձրացաւ, ձանձրոյթի, դժկամութեան եւ անհամբերութեան «կանչ»-եր իրար հրմշտկեցին, ապաշնորհ բացագանչութիւններու թէ նզովքի խօսքեր կլանեցին մեր առօրեան եւ այլն:

Նոր ժամանակներու տան մէջ «բանտարկութիւն»-ը ուղղակի պատուհաս եղաւ նորահաս սերունդին եւ ոչ միայն անոր: Այս կացութեան մէջ միակ փրկարարը հանդիսացաւ համացանցը իր բազմաբնոյթ կարելիութեամբ, որ շատ անգամ, իր կարգին, նշաւակ դարձաւ, երբ ցոյց տուաւ «տկարութեան» նշաններ:

Այս խաժամուժին մէջ, կարծես, աւելորդ պիտի ըլլար արձագանգել, թէ նման պարագաներու գոյութիւն ունին այլընտրանքներ (ընթերցանութիւն, մարզանք, արուեստի ընկալում)  եւ այլն, որոնք առաջին հերթին պիտի փարատէին բազմաթիւ մտահոգութիւններ եւ նոր սերունդը զերծ պահէին հոգելլկութենէ եւ մասամբ նորին:

Պարզապէս երեւոյթի մատնանշումն է, որ կը կատարենք, յիշելով պատերազմի սերունդի տղաքն ու աղջիկները, որոնք չես գիտեր ինչպէ՛ս կրցան շրջանցել քաոսը, վերապրիլ եւ լեցուիլ յոյսի ու կամքի ճառագայթներով, անշուշտ, առանց համացանցի եւ  ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու շիլ առկայութեան:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Զարթի՛ր Լաօ՛, Միացի՛ր Ազգի Գիտակից Հատուածի Պահանջին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?