Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Իշխանափոխութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է

December 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի ժողովրդական պահանջին ընդդիմացողներէն ոմանց պատճառաբանութիւնը անոր ժողովրդավարական օրինաւորութիւնն է: Երկու տարի առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նոր իշխանութիւնը կազմաւորուեցաւ Ազգային ժողովի բացարձակ մեծամասնութեան տիրացած կուսակցական դաշինքի մը կողմէ: Այնպէս, ինչպէս կը տնօրինէ օրէնքը: Ժողովրդային քուէներուն եօթանասուն առ հարիւրը ստացած քաղաքական ուժին կողմէ կառավարութիւն ձեւաւորելու եւ պետութեան ղեկը ստանձնելու իրաւունքը ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով:

Պէտք չէ անտեսել սակայն, որ այդ մեծամասնութիւնը յարաբերական է: Ընտրական ցուցակներու վրայ արձանագրուած քաղաքացիներու նուազ քան յիսուն տոկոսը մասնակցած է ընտրութեան, ինչ որ քաղաքական տուեալ ուժին համամիտ եղողներու համեմատութիւնը կը նուազեցնէ մինչեւ երեսունհինգ առ հարիւրի: Ընտրողներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, շուրջ վաթսունհինգ առ հարիւրը կողմնակից չէ եղած մեծամասնութեան տիրացած ուժին: Ոմանք այլ կուսակցութիւններու ի նպաստ քուէարկած են, ուրիշներ` շատ ստուար զանգուած մը, չէ կրցած կողմնորոշուիլ, անտարբեր եղած է, դէմ եղած է անխտիր բոլորին, կամ երկրին մէջ ստեղծուած կացութենէն իր դժգոհութիւնը չմասնակցելով արտայայտած է եւ թերեւս ալ բազում այլ պատճառներ եղած են:

Մեծամասնութեան յարաբերականութիւնը խնդրոյ առարկայ չի դարձներ կազմաւորուած իշխանութեան օրինաւորութիւնը: Միւս կողմէ, այդ մեծամասնութիւնը յառաջացած է կառավարական ծրագիրի մը հիման վրայ, քաղաքացիները քուէարկեցին տրուած խոստումներուն հաւատալով եւ այլազան մարզերու մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կրթական եւ այլ ասպարէզներու մէջ բարելաւման ակնկալութեամբ: Իշխանութիւն ստանձնողը յատկապէս պարտի երաշխաւորել անվտանգութիւնը, անկախութիւնը, ազգային միասնականութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ հայ ազգի ամենանուիրական ձգտումներուն հաւատարմութիւնը: Ուրիշ խօսքով, հիմքը պետականութեան, ազգի զաւակները հայրենիքին եւ պետութեան հետ զօդող անշրջանցելի շաղախը:

Եթէ օրինական մեծամասնութեամբ ղեկավարող իշխանութիւնը չկատարէ իր խոստումները եւ շեղի իր իսկ մշակած նախընտրական ծրագիրէն, կ՛ենթարկուի քննադատութեան եւ հանրութիւնը յոյս կ՛ունենայ, որ մինչեւ ժամկէտի ամբողջացումը ան կը զգաստանայ ու թերութիւնները կը սրբագրուին: Սակայն երբ սխալներն ու թերացումները կը վերաբերին ազգային-պետական հիմնական սկզբունքներուն, անկախութեան, ժողովուրդին միասնականութեան, հիմնական ազատութիւններուն, հողային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, որոնք հիմքն են պետականութեան գոյութեան, ժողովուրդին կողմէ ընտրութեամբ տրուած մանտան կը կորսնցնէ իր օրինականութիւնը: Իշխանութիւնը այլեւս չի կրնար առաջնորդել, կը ստեղծուի կառավարման խառնաշփոթ եւ երկիրը կը գահավիժի անիշխանութեան անդունդը:

Ներկայիս այս է իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Իշխանութեան փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, քանի որ ժամանակաւորին փոփոխութեամբ միայն կարելիութիւն կը ստեղծուի վերակիրարկելու հիմնական սկզբունքները եւ աշխուժացնելու պետականութեան ամրապնդումը:

 

 

Նախորդը

Բախտախնդիրը Պէտք Է Հեռանայ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.