Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Եւ Մակարուհին Սփիւռքի, Արցախի Եւ Հայաստանի Հպարտ Հայեր Կը Փնտռեն

December 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ Ի Գաղիա

Խիղճի լրատու Արմենակը այցի չի գար: Ինք եւ Մակարուհին յառաջդիմած են, այ-ֆոն ունին: Հեռաձայնեց: Ըսաւ. «Լսեցէ՛ք Թաւշեայ վարչապետին նոր ուղերձը»: Ապա ըսաւ. «Վարչապետին Ֆէյսպուքը կը բաւէ: Լրատուամիջոցները աւելորդ ծախս են: Անոնք ալ ակցիա պիտի ընեն, քանի որ գործազուրկ պիտի ըլլան»:

Մակարուհիին այ-ֆոնը սուլեց: Լսեցինք վարչապետին ուղերձը: Իմացանք, որ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք հպարտ քաղաքացի հայ ենք: Ապշեցանք: ՀՊԱ՞ՐՏ ՀԱՅԵՐ® Մակարուհին ընդվզած էր.

– Ինչպէ՞ս հպարտ, երբ թշնամիին կը յանձնենք մեր հայրերու հողը:

Ապա գնաց եւ սուրճ պատրաստեց:

Ապակիին ետեւէն եկող ձմրան արեւը մեր պաղած յոյսերուն կը նմանէր, չէր տաքցներ: Կեդրոնականցի դարձած էր Մակարուհին.

– Տեւաբար հող կորսնցնելէ ետք, նոր սերունդը արեան գնով հող վերանուաճած էր, հիմա հայրենիք Արցախը կը յանձնեն: Վարչապետը մեզ պարտուած թրջուած հաւ դարձուց, կը ծաղրէ եւ կ՛ըսէ, որ ՀՊԱՐՏ ՀԱՅԵՐ ենք` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք:

– ԹԱՒՇԵԱՅ հայերէնին մէջ ՀՊԱՐՏ բառը ԴՈՒԽով թերեւս նոր իմաստ ունի, որ դեռ տեղ չէ գտած բառարանի մէջ,- ըսի:

– Դուխով ազգի մէկ կէսը միւս կէսին դէմ լարեցին, ապօրէն թալանը փոխարինեցին պարգեւավճարային օրինաւոր թալանով: Հռոմի մենատէր կեսարի պէս, առանց նախագահ, Ազգային ժողով, նախարար եւ ժողովուրդ տեղեակ պահելու, անձնատուութիւն ստորագրեց վարչապետը, յաղթանակով վերականգնածը եւ իրաւ հպարտութիւնը լուցկիի բոց դարձուց:

Մակարուհին դեռ կրնար շարունակել, եթէ համակարգիչս լուր չտար, որ նամակ եկած էր: Ենթադրեալ երկար նամակ մը: Վլատիմիր Փութին իբր թէ հայերու ղրկած հազարաւոր նամակներուն պատասխանած էր` գրելով Զօրի Բալայեանին:

Հպարտ էինք, որ Մեծ Ռուսիոյ հզօր նախագահ Վլատիմիր Փութին նամակ գրած էր մեր հայրենակիցին: Կարդացինք: Մեր հպարտութիւնը փչացաւ: Վլատիմիր Փութին մեզ հպարտ կոչող կայսերական վարչապետին համար կ՛ըսէ. «®մոլորակի խոշորագոյն պետութեան ղեկավարին փորձում է դասեր տալ մի փոքրիկ երկրի դեղին մամուլի չկայացած խմբագիր` բացատրելով ինձ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի տուեալ դէպքում Ռուսաստանը»® Կ՛աւելցնէ. «®բառացիօրէն զգուշացրել էի, որ, այդուհանդերձ, եթէ հայերդ շարունակէք չբնակեցնել Արցախը, չհզօրացնել այն, շարունակէք Արեւմուտքի քայքայիչ դրամաշնորհներով մուկ ու կատու խաղալ մեր աչքի առջեւ, ինչի պատճառով մի օր Արցախը դառնայ անպաշտպան, ես կը մտածեմ այդ մասին»:

Մակարուհին սուրճի բաժակները հաւաքեց եւ գնաց մրմրթալով.

– Հպարտութի՞ւն, թէ՞ ապիկարութեան հետեւանք վերջի սկիզբ: Պատերուն վրայ պէտք է գրել Փութինը խօսքը, որպէսզի մեր չափերը գիտնանք եւ մեր հպարտութիւնը ծալենք ու վրան նստինք, ինչպէս որ պէտք էր ըրած ըլլար «մի փոքրիկ երկրի դեղին մամուլի չկայացած խմբագիր», պոպուլիստ թաւշեայ վարչապետը:

Մակարուհին մոռցաւ կրկնելու Կեդրոնականցիին խօսքը. «Այս ալ գրէ՛ ու ղրկէ՛ գրոց բրոց ընկերներուդ»:

29 նոյեմբեր 2020

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Երբ Տղաները Պատրաստւում Էին Գնալ Դիրքեր, Նայում Էի Նրանց Ու Մտածում` Ով Յետ Կը Գայ». Գայեանէ Սահակովա

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.