Կազմակերպութեամբ մարզական միջոցառումներ կազմակերպող «Սփորթց Մանիա-Տուպայ» ընկերութեան, վերջերս Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի 3×3 մրցաշարքը, որ միշտ ալ մեծ խանդավառութեամբ կը կատարուի:
Նշենք, որ անոր կողքին տեղի ունեցաւ նաեւ «թրի փոյնթ»-ի մրցաշարքն ալ:
Վերոնշեալ երկու մրցաշարքերն ալ կատարուեցան տեղւոյն պասքեթպոլի երկու ընկերութիւններու կողմէ, որոնք բաւական մեծ փորձառութիւն ունին տարբեր տեսակի միջազգային մրցաշարքեր հիւրընկալելու մէջ:
Անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ տասը խումբեր, որոնց կարգին` «Էլիթ-Փրօ», «Չեմփս Աքատեմի», «Փի. Էս. Էյ. Աքատեմի» եւ ուրիշներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, լիբանանեան «Սփորթց Մանիա» ընկերութիւնը Լիբանանի մէջ սառեցուցած է իր գործունէութիւնը եւ Տուպայի մէջ հիմնած իր նոր մասնաճիւղը, որ բաւական աշխուժ կը գործէ:




