Լիբանանի Ռակպի-Իւնիընի ֆետերասիոնի նախագահ Ղասսան Ժան Հաժժար բաւական կարեւոր պաշտօն մը ստանձնեց, երբ ընտրուեցաւ Ասիոյ Ռակպի-Իւնիընի ֆետերասիոնի անդամ:
Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանցի մը մաս կը կազմէ Ասիոյ ֆետերասիոնին:
Այս ընտրութիւնները տեղի ունեցան առցանց դրութեամբ, եւ անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 29 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Հաժժար ստացաւ 23 ձայն:
Նշենք, որ Լիբանանի Ռակպի-Իւնիընի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 21 դեկտեմբերին:



