Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՆՁՆԱԹՈՒՂԹԵՐԸ ԵՒ ՄԱՏՆԱՀԵՏՔԵՐԸ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ՄՕ՞Տ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ

January 24, 2012
| Լիբանանեան Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ծագեցաւ հարց մը, որուն շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն մատնահետքերը, որոնք արձանագրուած են անոնց անձնաթուղթերուն վրայ, սեփականութիւնը դարձած են «Մորֆօ Սաժեմ» ֆրանսական ընկերութեան, որ մատնահետքերու տեղեկութեանց առումով գործընկերութեան համաձայնութիւն կնքած է ունի իսրայէլեան «Ափեթ» ընկերութեան հետ:

Այդ մէկը պատահած է 1996-ին, երբ օրին` ներքին գործոց նախարար Միշել Մըր համաձայնութիւն մը ստորագրած է «Մորֆօ Սաժեմ» ընկերութեան հետ, որպէսզի ան պատրաստէ լիբանանցիներուն անձնաթուղթերը:

Հետեւաբար լիբանանցիներուն օգտագործած անձնաթուղթերը ֆրանսական արտադրութիւն են, իսկ լիբանանցի քաղաքացիներուն մատնահետքերուն պատճէնները կը գտնուին Փարիզի մէջ:

Իսկ «Մորֆօ Սաժեմ» ընկերութեան հետ ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրին վերջ տալով`  լիբանանցիներուն մատնահետքերը կը դառնան ընկերութեան պատանդները:

Հետեւեալ թղթածրարին քննարկումը կատարուեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեղեկատուութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին գումարած նիստին ընթացքին:

Այս նիստին ընթացքին էր, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ապահովական առումով Լիբանան կատարեալ կերպով բաց է վտանգներու դիմաց: Ան աւելցուց, որ լիբանանցիներուն մատնահետքերը կը դառնան «Մորֆօ Սաժեմ»-ի սեփականութիւնը, եթէ անոր հետ գործակցութեան համաձայնագիրը խզուի:

Շարպելի կատարած այս յայտարարութեան յաջորդեց ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն հիման վրայ յայտնուեցաւ, որ լիբանանցիներուն մատնահետքերը նախարարութեան սեփականութիւնն են:

Հաղորդագրութեան մէջ Շարպել նկատել կու տայ, որ «Մորֆօ Սաժեմ»-ի հետ գործակցութիւնը, որ 7 միլիոն տոլար կ՛արժէր, նուազած է 4,5 միլիոն տոլարի:

Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ նաեւ, որ լիբանանցիներուն մատնահետքերը կը պատկանին լիբանանեան պետութեան եւ անոնք ապահով պահուած են Կեդրոնական դրամատան մէջ:

Այս մասին ներքին գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ինք չի գիտեր «Մորֆօ Սաժեմ»-ի եւ Լիբանանի միջեւ ստորագրուած գործակցութեան այդ համաձայնագիրին պայմաններն ու մանրամասնութիւնները: «Սակայն օրինական առումով, նման որեւէ պայման լիբանանեան օրէնքներուն կը հակադրուի, որովհետեւ լիբանանցիներուն սեփականութիւնը նկատուող բան մը անձնական ընկերութեան մը փոխանցելը արդէն իսկ կը հակադրուի երկրին կանոններուն հետ: Հետեւաբար կարելի չէ այդ մէկը օգտագործել, որովհետեւ անիկա ամբողջութեամբ դէմ է լիբանանեան օրէնքին», ըսաւ Պարուտ:

Անդրադառնալով այն հաւանականութեան, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը կրնայ օգտագործել լիբանանցիներուն մատնահետքերը, Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի եւ Միջազգային դատական ատեանին միջեւ ստորագրուած գործակցութեան արձանագրութիւնները կ՛արտօնեն այդ մէկը, ապա Միջազգային դատական ատեանին ընդհանուր դատախազը կրնայ «Մորֆօ Սաժեմ»-էն կարգ մը քաղաքացիներու մատնահետքերը պահանջել եւ ոչ թէ բոլոր լիբանանցիներուն:

Պարուտ հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն մատնահետքերը ապահով են` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն ապահովութիւնը պահպանելու եւ Միջազգային դատական ատեանին ընդառաջելու անհրաժեշտութիւններուն միջեւ հաւասարութեան պահպանումը անկարելի հարց մը չէ, սակայն անիկա պէտք է ըլլայ Քրէական ատեանի ընդհանուր դատախազութեան հովանաւորութեամբ:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախկին նախարար, երեսփոխան Միշել Մըր «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «Մորֆօ Սաժեմ»-ի հետ գործակցութեան վաւերացման որոշումը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ տրուած է, երբ ինք ներքին գործոց նախարար էր:

Մըր ցաւ յայտնեց, որ այսօր այս հարցը այս մակարդակի իջած է` աւելցնելով, որ «Մորֆօ Սաժեմ» ընկերութիւնը միջազգային չափանիշեր կրող ընկերութիւն է եւ այս իմաստով փորձառութիւն ունի:

Մըր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան եւ «Մորֆօ Սաժեմ» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան մէջ նշուած էր, որ Թայյունէի մէջ հաստատուած այդ ընկերութեան մօտ լիբանանցի քաղաքացիներուն վերաբերող տեղեկութիւնները կը տարուին թաղապետերուն կողմէ, եւ անոնք կը հսկէին, որ քաղաքացիներուն մատնահետքերը զետեղուին անձնաթուղթերուն վրայ, այլ խօսքով` ընկերութիւնը միայն այդ անձնաթուղթերը հրապարակելու թեքնիք աշխատանքը կը ստանձնէր, իսկ քաղաքացիներուն մատնահետքերը լիբանանեան պետութեան սեփականութիւնը կը մնային:

«Եթէ լիբանանեան պետութեան եւ «Մորֆօ Սաժեմ» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած պայմանագրութիւնը լաւ սերտած ըլլային,  նման սխալներու մէջ չէին իյնար: Սխալներ, որոնք կը վնասեն լիբանանեան պետութեան եւ պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ օր մը յայտարարութիւն մը կատարեն, իսկ յաջորդ օրը փութան այդ յայտարարութեան ճիշդ հակառակը յայտարարել` հաղորդագրութիւններուն ընդմէջէն», ըսաւ ան:

 Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ԱԽՊԱՐ» եւ «ՆԱՀԱՐ»)

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

Յաջորդը

ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԵՒ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒԵՑԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կեանք

Արդեօք «Ժապհաթ Նուսրա»-ն Արսալի Մէջ Գոյութիւն Ունի՞

February 11, 2013
Լիբանանեան Կեանք

Լիբանանցի Կնոջ Յուսախաբութիւնը

January 28, 2013
Լիբանանեան Կեանք

Լիբանանցի Կիները Կը Շարունակեն Պայքարիլ Քաղաքացիութեան Իրենց Արդար Իրաւունքին Համար

January 28, 2013
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.