Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՃԱՏՐԱԿ. ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

January 23, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ԼԱԽԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ, ԼԵՒՈՆ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ,
ՆԱՆՕՐ ԱՐՆԵԼԵԱՆ ԵՒ ՆԱՐԵԿ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ` ԵՐԿՐՈՐԴ, ԻՍԿ
ԵՂԻԿ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ` ԵՐՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Անթիլիասի մարզական վարչութեան, երէկ` կիրակի, 22 յունուարին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 107 խաղացողներու: Անոնք բաժնուած էին երկու բաժինի. փոքրեր եւ մեծեր: Հայ մասնակցողներուն թիւը եղաւ 36:

Փոքրերու բաժինը տեղի ունեցաւ 5 դասակարգերով` հետեւեալ ձեւով. 8 տարեկանէն վար, 10 տարեկանէն վար, 12 տարեկանէն վար, 14 տարեկանէն վար եւ 16 տարեկանէն վար:

Սկսելով 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներէն` առաջին դիրքը գրաւեց Հրակ Լախեան, որ բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով առաւելագոյն 7 կէտը ապահովեց: Երկրորդ հանդիսացաւ Նանօր Արնելեան (6 կէտ):

Հրակ Լախեան

10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները եղան ակնկալուածէն շատ աւելի հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւողները ապահովեցին 5-ական կէտ, իսկ անոնց ետին գտնուող չորս ուրիշներ` 4-ական կէտ: Լեւոն Գալայճեան, որ հանդիսացաւ 2-րդ, յաջողեցաւ հանդիսանալ միակը, որ յաղթեց Լիբանանի ախոյեան Մոհամետ Քապալանի, թէեւ վերջինս հանդիսացաւ առաջին:

12 տարեկանէն վար Նարեկ Նազարէթեան հանդիսացաւ 2-րդ (4 կէտ), իսկ Կարօ Գալֆայեան` 3-րդ (3 կէտ):

14 տարեկանէն վար առաջին երեք դիրքերուն մէջ հայեր չկային:

Վերջապէս, մեծերու դասակարգին մէջ (արհեստավարժ եւ ոչ արհեստավարժ) հոն եւս հայեր չկային: Հայ մասնակցողներուն մէջ ամէնէն բարձր դիրքը գրաւեց Րաֆֆի Ճիկերեան (7-րդ, 4,5 կէտ):

Հակիրճ ակնարկ մը նետելով մրցաշարքին վրայ` կ՛արժէ նշել, որ կազմակերպիչները իսկապէս յաջողեցան զայն լաւապէս հիւրընկալել եւ արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը:

Անոնք ազնիւ գաղափարը ունեցան մրցանակաբաշխութեան աւարտին իւրաքանչիւր մասնակցողի յուշանուէր-մետալ մը նուիրելու, ինչ որ ընդհանրապէս տեղական այլ մրցաշարքերու ընթացքին շատ քիչ կը պատահի:

Եզրափակելով կարելի է ըսել, որ վերջին շրջանին տեղի ունեցած այլ մրցաշարքերուն հետ բաղդատական մը ընելով, կազմակերպիչ ակումբը յաջողեցաւ ակնկալուածէն եւ իր կարողութենէն աւելի տալ:

Նշենք, որ օրուան իրաւարարներն էին Չարլզ Քէյլ, Ալի Ժաուիշ եւ Ռոլան Ախրաս: Իսկ մրցումներուն տեւողութեան անոնց կը հսկէին մարզական վարչութեան պատասխանատուներ Շանթ Օհանեան, Վաչէ Պաղտասարեան եւ Տիգրան Զէյթճեան:

Ստորեւ կու տանք հայ մասնակցողներուն արձանագրած արդիւնքները, որոնք փոխանցուեցան «Ազդակ»-ի մարզական բաժինին` կազմակերպիչներուն կողմէ.

Փոքրերու մրցումէն

8 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. 8 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ (6 ՀԱՅԵՐ)

Հրակ Լախեան (7 կէտ), Նանօր Արնելեան (6), Արմէն Եղիայեան (4), Սինթիա Թաշճեան (2,5), Լիակ Մարտիրոսեան (1,5) եւ Յակոբ Թերզեան (1):

10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. 20 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ (14 ՀԱՅԵՐ)

Լեւոն Գալայճեան (5 կէտ), Հրակ Ճինպաշեան (4), Հրայր Գասապեան (4), Ռուբէն Մարտիրոսեան (4), Լեւոն Շնորհօքեան (3,5), Կարօ Կրիթիլեան (3), Վահագն Ղազարեան (3), Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան (2,5), Արեգ Միքայէլեան (2,5), Էտուարտ Թաշճեան (2,5), Փիթըր Մուրատեան (2,5), Արթիւր Պապուճեան (2,5), Ռուբէն Խաչատուրեան (2,5) եւ Ցոլեր Գէորգեան (1):

12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. 8 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ (4 ՀԱՅԵՐ)

Նարեկ Նազարէթեան (4 կէտ), Կարէ Գալֆայեան (4), Եորկօ Տարագճեան (3) եւ Ալեքս Աճեմեան (2):

Մեծերու մրցումէն (ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ` PHOTO-VARTO)

14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. 11 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ (4 ՀԱՅԵՐ)

Յակոբ Թաշճեան (3 կէտ), Սերժ Թիւթիւնճեան (2,5), Ալեք Մելքոնեան (2,5) եւ Միրէյ Թաշճեան (2):

16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. 6 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ (1 ՀԱՅ)

Եղիկ Աւետիքեան (3 կէտ):

ՄԵԾԵՐՈՒ ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 54 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ (7 ՀԱՅԵՐ)

Րաֆֆի Ճիկերեան (4,5 կէտ), Մինաս Հոփալեան (3), Արի Չէօրեքճեան (3), Յակոբ Ոսկերիչեան (2,5), Վաչէ Սամուէլեան (2), Արամ Գազանճեան (2) եւ Միքայէլ Մկրտիչեան (1):

Նախորդը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. ՄԻՆԻ-ՊԱՍՔԵԹ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ – ԻԹԹԻՀԱՏ ՀԱՐԵԹ ՆԱԱՄԷ` 6-0 (ՄՐՑՈՒՄԸ ՄՆԱՑ ԿԻՍԱՏ)

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.