ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով կիրակի, 29 նոյեմբեր 2020-ին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ԿՈՄԻՏԷ
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ անդամուհիներէն`
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՏԻՄԻՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2020-ին:
————————————-
«ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ»
ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի LT եւ TS պետական քննութեան մասնակցած մեր 10 ուսանողուհիները յաջողած են` ապահովելով մեր կեդրոնին 100% յաջողութիւն:
LT-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Լիւսի Թօփուզեան, Զապէլ Փաչանեան, Սրբուկ Ճենանեան, Սիլվա Ներսէսեան, Լիւսի Գազանճեան, Վարդուկ Քէշիշեան:
TS-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Շողիկ Ղարիպեան, Իրմա Տէտէեան, Թամար Զէքեան, Ռիթա Ներսէսեան:
Կ՛արժէ յիշել, թէ պետական BT3-ի 2 ուսանողուհիներ նոյնպէս ստացան իրենց համապատասխան վկայականը: Անոնք են` Ժանին Սարգիսեան եւ Փալիկ Ռշտունի:
Կը շնորհաւորենք մեր ուսանողները:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԾԱՆՕԹ.- Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք շեշտել, թէ նոր ուսանողներու արձանագրութիւնը տակաւին ի զօրու է: Հետաքրքրուողները կրնան կապուիլ տեսչութեան հետ` հեռաձայնելով կաթողիկոսարանի թիւին` 04-410001:
————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Արշալոյս Գանթարճեան-Տիմիճեանի մահուան առիթով, Արաքսի Շահինեան եւ դստերք` 200.000 լ. ո.` ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին: