Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի «Սխալներն Ու Յանցանքները»

Նոյեմբեր 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Յուլիսին սկիզբը մեզի հասած եւ կամքէ անկախ պատճառներով (թերթի էջաթիւի նուազում, Պէյրութի պայթում) չհրատարակուած եւ մեր յօդուածագիրներէն Կարօ Մանճիկեանի ստորագրութիւնը կրող այս յօդուածը երբ որոշեցինք տպել, հեղինակը յարմար տեսաւ շափօ մը աւելցնել` 3 նոյեմբեր 2020-ին: Այդպէս ալ եղաւ, Կ. Մանճիկեան գրեց փոքրիկ մուտք մը` «Պիտի յաղթենք»-ով աւարտելով զայն, որովհետեւ ոչ ոք օրին կրնար պատկերացնել, որ Փաշինեանի ստորագրութեամբ այսքան ծանր ու դառն պարտութիւն պիտի վիճակուէր հայութեան: Յօդուածը կը հրատարակենք առանց փոփոխութեան, որովհետեւ անիկա միշտ ալ կը մնայ այժմէական:

«Ա.»

Յօդուածիս վերջակէտը երբ դրի 4 յուլիս 2020-ին, Լիբանան թէեւ կքած էր տնտեսական, քաղաքական եւ առողջապահական «Քորոնա» պատուհասներուն տակ, բայց եւ այնպէս պատահեցաւ աւելին` այդ բոլորին վրան եկաւ աւելնալու Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, որուն աւերածութենէն անմասն չմնաց «Շաղզոյեան» կեդրոնը, ուր կը գործէ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը: Խմբագիր Նորա Բարսեղեանի բնորոշմամբ, «յօդուածդ անմասն չմնաց Պէյրութի  աւերածութենէն», եւ փլատակներու տակ մնացած էին վերի տողերուն էջերը:

Այդ պատուհասին յաջորդեց սեպտեմբեր 27-ին բռնկած արցախեան գոյամարտի պատերազմը: Եւ, ի տես այս գոյապայքարին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը «մեղք ու յանցանք մը» եւս աւելցուց իր մեղքերուն, երբ օրհասական այս մարտերուն արցախեան ճակատ ուղարկեց իր զաւակներէն հարիւրներ` որպէս կամաւորական խումբեր, եւ արդէն ունի հոյլ մը նահատակներ` որպէս «պարարտ մատաղ» հայրենիքին ու ազգին:

Յաւերժութեան լոյսը իջնէ անոնց շիրիմներուն` որպէս անմահութեան սրբազան լոյս:

Նահատակ ցեղի անմահներ:

Պիտի «յաղթենք»:

Ուսումնական կեանքիս անիւը, Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ նախակրթարանէն ետք, զիս հասցուց Լիբանան, Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուր հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչներ ունեցայ աննման մշակներ Յարութիւն Քիւրքճեանն ու հանգուցեալ Գրիգոր Շահինեանը. ափսոս, սակայն, անգութ պատերազմը, 1975-ին, հազիւ միջնակարգը աւարտած, լքեցի Լիբանանը` զրկուելով Ճեմարանէն եւ գրագէտ Մուշեղ Իշխանին աշակերտելու բախտէն: Ի դէպ, անոր շունչին տաքութիւնը ամէն օր կը վայելէի, երբ ան կու գար Ճեմարանի գետնայարկը գտնուող Համազգայինի գրախանութը` ժամանակ անցընելու գրախանութի տնօրէն մօրեղբօրս` Նշան Պասմաճեանին մօտ: Անոր աշակերտ չկրցայ դառնալ, սակայն բարեկամներ եղանք:

Այսպիսով, ուսումնական անիւը զիս տարաւ այս անգամ Հալէպ, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան, ուր հայ գրականութեան ուսուցիչ ունեցայ հանգուցեալ Մկրտիչ Մկրտիչեանը:

Այս կրթական մշակը, որ, ափսոս, շատերուն բաւականաչափ ծանօթ չէ, հարկ կը զգամ քանի մը տողով ներկայացնել:

Այս տաղանդ սասունցին բախտը ունեցած էր Երուսաղէմի մէջ աշակերտելու գրաքննադատ-գրագէտ Յակոբ Օշականին: Ան կարծես կրկնօրինակն էր իր ուսուցիչին: Մեզի տուած իր շարադրութեան պարտականութիւնները մեզ կը մղէին գրել սորվելու: Մեր շարադրութեան տետրակներուն էջերը` կարմիր մելանով սրբագրուած ու ներկուած կը վերադառնային, անշուշտ` շարադրութեան ծաւալով մեկնաբանական-վերլուծումի մը յաւելուածով:

Ի դէպ, դասագիրք չունէինք, այլ` նոթերու տետրակ մը, ուրկէ կը ստանայինք մեր դասերը. նախ` գրագէտին կեանքը, ապա գործերը եւ, վերջապէս, իր գործերէն յատկանշական կտոր մը (պատմուածք թէ բանաստեղծութիւն), զոր գրական վերլուծումի կ՛ենթարկէինք Օշականի նման ու անոր ոճով:

Երբ հասանք աւարտական` 12-րդ կարգ, որպէս դասանիւթ նաեւ ուսանեցանք Յակոբ Օշական:

Պրն. Մկրտիչեանը իր սիրած ուսուցիչին մասին պատմեց յատկանշական դրուագ մը.

– Կը վերլուծէինք Ամենայն Հայոց բանաստեղծ` Յ. Թումանեանի «Լուսաւորչի կանթեղը» բանաստեղծութիւնը:

Օշական «գրական յարձակումի» ենթարկեց քաջածանօթ այս բանաստեղծութիւնը. այնքան սուր քննադատութեան ենթարկեց ոտանաւորին տուներն ու տողերը, որ մեր` աշակերտներուս զայրոյթը շարժեց. կարելի՞ բան էր «բզկտել» Թումանեանի բանաստեղծութիւնը:

Սակայն երբ հասաւ ոտանաւորին վերջին տունը, ան մեղմացած ոճով, սակայն բարձր ձայնով աղաղակեց.

– Հո՛ս պահուած է հանճարեղ գրագէտը` Ամենայն Հայոց բանաստեղծը: Բանաստեղծական իր տաղանդը այս տողերուն մէջ պահուած են…

Ու մեր մտքերուն մէջ վերականգնեց ու պայծառացուց մեր սիրած բանաստեղծը:

***

Հանգուցեալ հայրս` Վահան Մանճիկեան, աւարտելով Լաթաքիոյ Ֆրանսական արհեստից վարժարանի միջնակարգը, կեանքի յորձանուտին մէջ նետուելով, ուզած է իր կեանքին իմաստ տալ` մասնակից դառնալով ազգային-կուսակացական կեանքին, ստանձնելով ազգային եւ կուսակցական վարչական պարտականութիւններ…

Առիթով մը, երբ հայր ու որդի մտերմօրէն կը զրուցէինք, ան պատմեց եղեռնաբախտ Բեգլար Նաւասարդեանի Քեսապ այցելութեան մասին, ուր եկած էր որպէս շրջիկ-գործիչ: Այս այցելութիւնը հաւանաբար տեղի ունեցած է 1950-ական թուականներու սկիզբը, նախքան անոր Հայաստան մեկնումն եւ խորհրդային Չեկային ձեռամբ Երեւանի «Արմէնիա» հիւրանոցի պատշգամէն վար շպրտուիլը:

Ան հետեւեալը պատմեց.

– Տաքարիւն երիտասարդներ էինք ու նոր մուտք գործած` ՀՅԴ-ի շարքերը, երբ տեղի ունեցաւ Բեգլար Նաւասարդեանի այցելութիւնը: Օրուան կոմիտէն զայն հրաւիրեց բանախօսութեան մը:

Նաւասարդեան որպէս նիւթ ընտրած էր Դաշնակցութեան աւելի քան կէս դարու գործունէութիւնը:

Ան անխնայ քննադատեց Դաշնակցութիւնը. այնքան առաջ գնաց, որ ոչ միայն խռովեց մեզ, այլ նաեւ` զայրոյթը, եւ մենք սկսանք անհանգստութեան բացագանչութիւններու շարժումներ կատարել:

Ու հեղ մը կանգ առնելով` վերսկսաւ.

– Բա՛յց, բա՛յց… ու սկսաւ թուել Դաշնակցութեան սխրանքները` Խանասոր, Պանք Օթոման, հերոսամարտեր, նահատակներ, կամաւորական խումբեր, մայիս 28-ը… եւ այլն: Ու թուեց այն, ինչ որ իսկապէս դաշնակցական է ու դաշնակցավայել` ընդգծելով, որ Մեծ եղեռնէն հազիւ երեք տարիներ ետք հայ ժողովուրդին «Յարութիւն» պարգեւեց:

– Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ,

դրօշ Եռագոյն…

Ու անկախ պետութիւն:

– Մեր գեղերը կեղեքուած,

Դաշնակցութիւն ազատեց.

Մեր դաշտերը չորացան,

Դաշնակցութիւն ջուր տուեց:

Նաեւ անկախութիւն ու պետականութիւն պարգեւեց:

 ***

Վերոյիշեալ երկարապատում տողերը գրելու շարժառիթը անշուշտ որ հայագիր կամ հայախօս շարք մը լրատուական միջոցներուն մէջ մնայուն կերպով արձանագրուած հարահրոցն է ու վայնասունը:

«Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն»:

Ականջալուր ու ականատես կ՛ըլլանք, առօրեայ հետեւողականութեամբ, հայ ժողովուրդին, Հայաստանին «հինգ ղրուշի» բարիք չկատարած ու Հայաստանի Հանրապետութեան վերնախաւին մէջ տեղ գտած վրիպանքներուն պարսաւալի ելոյթներուն:

«Ամէնքը մէկ միաբերան,

կը մեղադրեն Դաշնակցութիւն»:

Լսեցինք «սպիտակի ու սեւի» որակումներ: Լսեցինք հայրենիքի բարձրագոյն բեմը գրաւած պրն. վարչապետին կողմէ Ազգային ժողովի ամպիոնէն Դաշնակցութեան վերագրուած եզրակացումներ, ածականներ, սպառնալիքներ ու մտացածին ըսի-ըսաւներ:

Օրը նոր, «փայլատակումներ»-ը նոր (ինչպէս պիտի ըսէր ընկ. Փանջունիի եւ անոր հետեւողներուն համար երգիծագիր Ե. Օտեանը):

Փորձեմ թուել Դաշնակցութեան 130 տարուան վրայ երկարող գլխաւոր «յանցանքներէն» շարք մը:

– Դաշնակցութեան գլխաւոր «յանցանքն» էր, որ ան կազմակերպուած էր թրքահայութեան եւ ապա համայն հայութեան ազատագրութեան դատին համար:

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ ան կը միտէր (ու ցայսօր կը շարունակէ ձգտիլ անոր) հայ ժողովուրդին ապահովել ընկերային-տնտեսական արդար կարգեր:

– Դաշնակցութիւնը «յանցաւոր է», որովհետեւ տարիներ ու տարիներ դիմադրեց բազմատեսակ բռնատէրերուն` սուլթան Համիտ, երիտթուրքեր, ռուսական ցարեր, համայնավար` պոլշեւիկ բռնակալներ… եւ այլն, տէր կանգնելով հայ ժողովուրդի ազատ ու անկախ, ապահով ու արդար… կեանք մը վարելու իրաւունքին:

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ փորձեց ահաբեկել «Կարմիր սուլթանը», անոր համար զոհ տալով իր ամենապարարտ մատաղը` Քրիստափոր Միքայէլեանը:

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ ան ունեցաւ Պանք Օթոման, Խանասոր, Վասպուրականի եւ Տարօն-Տարուբերանի ազգային ինքնապաշտպանութեան մարտեր, ուր մարտիրոսացան բիւրաւորներ` գրկելով «իմացեալ մահը»:

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ ան ընդդիմացաւ ցարական իշխանութեանց բազմատեսակ դաւերուն, եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման, Կովկասի թաթարներուն (այժմ ազերիներ) դէմ` պաշտպանելով կովկասահայութիւնը, իր Նիկոլ Դումաններով, Քեռիներով, Դրոներով եւ շատերուն մասնակցութեամբ ու ղեկավարութեամբ. դիմակայեց Ստոլիպնեան բիրտ հալածանքները…

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ ան որպէս վահան պաշտպանը դարձաւ 1914-ին սկսած ու մինչեւ 1918 տեւած Մեծ եղեռնի թրքական կոտորածներուն, ունեցաւ հերոսամարտեր…

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ կազմակերպեց հայ-կամաւորական խումբերը, որոնք կորիզը հանդիսացան Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին:

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ Ա. Աշխարհամարտ մտած ռուսական դասալքութեան գացած բանակի հայ բեկորներէն կազմելով զինուորական գունդեր, յաջողեցաւ 1918-ի մայիսին կասեցնել թրքական ներխուժումը` ունենալով Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի ու Պաքուի հերոսամարտեր:

– Դաշնակցութեան մեծագոյն «յանցանքն» էր, որ «վեց դարերու խաւարի վրայ» յաջողեցաւ ունենալ նոր պետականութիւն, ուր լայն տեղ տուած էր իր զաւակներուն խայտաբղէտ կուսակցութիւններուն` ժողովրդական, սոցիալ յեղափոխական, սոցիալ դեմոկրատ եւ նոյնիսկ համայնավար կուսակցութիւններուն, առանց «սեւի եւ սպիտակ»-ի կամ «ասֆալտին փռելու» կամ «տապանաքար քաշելու», բացի այն պահէն, երբ Հայաստան մնաց «Ռուսական մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ», երբ հարկադրաբար զսպեց համայնավարներու մայիսեան զինեալ խլրտումները…

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ ունեցաւ «Նեմեսիս» շարժում` պատժի ենթարկելով հայկական Եղեռնը կազմակերպող ջարդարար թուրք ղեկավարները:

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր, որ Բ. Աշխարհամարտին իր զաւակներուն աշխատանքով (Դրօ, Գ. Նժդեհ…) յաջողեցաւ գերմանական կեդրոնացման ճամբարներէն, անխուսափելի մահէն փրկել բիւրաւոր խորհրդահայ գերիները:

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր միայնակ դիմադել Խորհրդային Միութեան, թէ համայնավարներուն, կէս դարէ աւելի դաւերուն եւ դաւադրութիւններուն, որոնք կը ջանային պառակտել սփիւռքը եւ կամ զայն ստրկացնել, ինչպէս ստրկացուցած էին 16 հանրապետութիւններ եւ աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներ:

– Դաշնակցութեան «յանցանքն» էր 1975-ին սկսած եւ 15 տարիներ ու աւելի տեւած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մինակը պաշտպանել լիբանանահայութիւնը:

– Դաշնակցութեան «մեծագոյն յանցանքն» է Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան մարտերուն իր առաւելագոյնը տալ` «նոյնիսկ կեանքի գնով» մասնակցելով անոնց,  Արցախ-Հայաստանի բագինին մատաղ ընելով իր լաւագոյն զաւակները, սկսած Արթուր Մկրտչեանէն, Շահէն Մեղրեանէն, հասնելով այն անանուն հերոսներուն, որոնց կեանքի գնով վաստակեցանք անկախութիւնը:

– Դաշնակցութեան «յանցանքներէն» է նաեւ հայաստանակերտումի գործին մասնակցիլ երեսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր` ուժերուն գերլարումով: Սփիւռքի կառոյցները պահելով, անոր ամբողջական կարողութիւնը դնելով ի սպաս այդ սուրբ գործին` իր կառոյցի կազմերով թէ շարքերով, Հայ դատի գրասենեակներով:

– Դաշնակցութեան ամենավերջին «յանցանքներէն» է 2016-ի ապրիլի քառօրեայ պատերազմին իր կամաւոր զաւակները միատեղելով, փութալ Արցախ` ճակատ, օժանդակելու դիրքապահ հայկական արի բանակին: Իսկ այդ կամաւորներուն մէջ քիչ չէր հայր ու զաւակ միասին այնտեղ մատաղ ըլլալու փութացողներուն թիւը:

 ***

Անկարելի պիտի ըլլայ 130 տարուան կեանք ունեցող կուսակցութեան մը գործերը, հերոսութիւնները (որոնց չակերտեալ «յանցանք» ածականը գործածեցի), սխրանքերը ամփոփել սահմանափակ էջերու մէջ:

Մարդիկ, մանաւանդ` հակադաշնակցական զանգուածը, պէտք է, որ կարդան Դաշնակցութեան բազմահատոր գիրքերը, որպէսզի իմանան, թէ ի՛նչ է Դաշնակցութիւնը, եւ ի՛նչ կատարած է 130 տարուան մէջ:

Դաշնակցութիւնը ազգի` հայ ազգի պատմութիւնը, անոր ամենափայլուն էջերը գրած է իր զաւակներուն արեամբ:

Այսօր Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ երկնաքարի մը նման երեւացող եւ միայն արեգակի մը լոյսին շողերը ցոլացնող քաղաքական ուժերը, մանաւանդ` հազիւ երկու տարուան ճանապարհ «քալած», մանուկի երերուն «քայլեր» ունեցող քաղաքական ուժերը, որոնք նախորդ վարչակազմերուն հանդէպ ցասումի արտայայտութեան ալիքի վրայ բեմ հասան, կամ անոնց պարագլուխները տակաւին շա՜տ ու շա՛տ «շորպայ» (ապուր) պէտք է խմեն, որ կարենան կամ իրաւունք ունենան տապանաքար դնելու Դաշնակցութեան վրայ, որուն վերջնագիրը կարդալու մէջ սուլթանները, ցարերը, ստալինները, եւ շատ ուրիշներ ձախողեցան:

Վերի տողերուն մէջ ուզեցի թուել Դաշնակցութեան կարգ մը «յանցանք»-ները, որովհետեւ կ՛ապրիմ սփիւռքեան երկիրի մը մէջ, ուր մանաւանդ վերջին տասը տարիներուն բիւրաւոր անմեղներու արիւնը թափեցաւ` թրքական բազմատեսակ դաւերուն: Կ՛ապրիմ գիւղի մը մէջ, որուն բնակիչները մէկ դարու մէջ երեք անգամ տեղահան եղան եւ ջարդի ենթարկուեցան, կը գտնուի սահմանէն հազիւ քայլ մը մերձաւորութեամբ Թուրքիոյ, կ՛ապրիմ տակաւին ցաւին տակ, թրքական եաթաղանի տակ կոտտացող Սուրիոյ միակ հայկական, կիլիկեան Քեսապի մէջ, եւ երբ կը տեսնեմ ու կը լսեմ հայրենիքիս` Հայաստանի մէջ, փոխան սիրոյ ու փոխադարձ հանդուրժողութեան քարոզներու ու «քայլերու», ատելութիւն ու այլամերժութիւն կը քարոզուի, արիւնս կ՛եռայ եւ կ՛ըսեմ` «Յո՛ երթաս Հայաստան, յո՛ երթաս հայութիւն»:

«Քայլած ու չքայլած» հայրենի անձնաւորութիւններու շուրթերէն երբ մաղձ, ատելութիւն, քէն, ոխ ու սպառնալիք կը լսեմ իմ միւս եղբայրներուս հասցէին, միտքս ու հոգիս կ՛ալեկոծին, եւ ցասումը կը պատէ էութիւնս:

Ոչ ոք իրաւունք ունի մեր մէջ սպաննելու հպարտութեան, հայրենիքով հպարտանալու յոյսն ու փափաքը:

Տեսէ՛ք. տեսէ՛ք. թշնամին կը փորձէ վերականգնել հայոց հողին, հայոց պատմութեան վրայ, հայոց արեան ու դիակներուն վրայ բարձրացած Օսմանեան կայսրութիւնը:

Քանդեց սուրիական մեր հայրենիքը, յաճախ կ՛ոտնակոխէ դրացի Իրաքի հողն ու անկախութիւնը, հասաւ Լիպիա, կը սպառնայ Յունաստանին եւ Կիպրոսին: Կը խառնէ Լիբանանի ներսը: Իսկ քանի մը օրեր առաջ իր Ապահովութեան խորհուրդի հինգ ժամ տեւած, ու դուրս սպրդած խապրիկները արդէն մահով կը սպառնան «թրքական մուրճի եւ ազրպէյճանական սալին» առանցքը մնացած Հայաստանին:

Բա՛ւ է մեզի` հայերուս հրամցուի այլամերժութեան, անհանդուրժողութեան հայհոյախառն թոյնը:

Վերի տողերը օգտակար պիտի հանդիսանան նաեւ այն տգէտներուն, որոնք «պեխապար» են հայոց, մանաւանդ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութենէն:

Փոխանակ աջին ու ձախին «քաղաքական դիակ» անուանելու` թող աշխատին երկիրն ու ազգը դիակի չվերածել: Դիակի չվերածել մարդոց` հայոց հոգիները:

Մի՛ սպաննէք սփիւռքահայուն վերջին յոյսը` Հայաստանը, Արցախն ու հայրենահայութիւնը:

Երկու տարիներէ ի վեր հայրենիքին քաղաքական բեմին վրայ պարապ-սարապ գացող-եկող ո՛վ իշխանաւոր, պահ մը պրպտէ, գտիր ու կարդայ Պարոյր Սեւակի «Իրերի դատն ու դատաստանը» եւ «Մարդ կայ, մարդ էլ» բանաստեղծութիւնները, եւ ծանիր զքեզ:

Այո՛, մեզ մի՛ փորձէք սպաննել:

Մի՛ սպաննէք դուք զձեզ:

4 յուլիս 2020
Քեսապ

 

Նախորդը

105 Տարի Ետք Նոյն Քաղաքական Աւազակները, Զոհերը Եւ Բարեսէր Ամբարիշտ Հանդիսատես «Մանիթու»-ները

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Մեսրոպեանի «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրը Կ՛ընդլայնի Երկու Նոր Դասարաններով

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?