Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐ. ԼԵԶՈՒԻՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒԻ ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

January 23, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուսումնասիրութիւն մը մարտահրաւէր կ՛ուղղէ այն գաղափարին դէմ, թէ մեր ուղեղին «լեզուական կեդրոնները» լեզուական զարգացումի միակ խթանն են:

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆԷ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԷ Ի ՎԵՐ ՏԻՐՈՂ ԱՅՆ ԿԱՐԾԻՔԸ, ԹԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԿԸ ԲԱԺՆԵՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐՈՒԻՆ ՈՒՂԵՂԻՆ ԿԱՌՈՅՑԻՆ ԿՈՂՄԷ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Ուսումնասիրութիւն մը, որուն մասին տեղեկագիր մը լոյս տեսած է «Նէյչըր» թերթին մէջ, դիմած է եղափոխական կենսաբանութեան (էվոլուշընըրի պայոլոճի) մէջ կիրարկուող միջոցներու` գտնելու համար արմատները բազմաթիւ լեզուաընտանիքներու մէջ քերականութեան  զարգացումին:

Արդիւնքները մտածել կու տան, թէ լեզուաընտանիքներու միջեւ հասարակաց երեւոյթներ անջատաբար եղափոխուած են իւրաքանչիւր շառաւիղի մէջ:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները կ՛ըսեն, թէ մշակութային եղափոխութիւնը, եւ ո՛չ թէ ուղեղը, խթանն է լեզուական զարգացումին:

Ուսումնասիրութեան մէջ օգտագործուած է մեթոտ մը, որ հիմնուած է մարմիններու կազմաւորումի եղափոխութեան (ֆիլիոճենեթիք) գիտութեան մէջ կիրարկուող միջոցի մը վրայ:

Հոլանտայի մէջ հոգելեզուաբանական Մաքս Փլանք հիմնարկի դասախօս Մայքըլ Տան, որ գլխաւոր հեղինակն է ուսումնասիրութեան, կը բացատրէ, թէ այս մօտեցումը համազօր է Կրեկորի Մենտելի կողմէ ոլոռնի թուփերու ուսումնասիրութեան, որ ի վերջոյ առաջնորդած է այն գաղափարին, թէ իւրայատուկ յատկանիշներ ժառանգական բնոյթ ունին:

«Այլ թուփերէ սերած բոյսերու փոփոխուած տարբերակները ուսումնասիրելով եւ ծանօթ ըլլալով անոնց միջեւ կապին` Մենտել յաջողած է ի յայտ բերել այն մեքենական համակարգերը, որոնք հաւանաբար կը ղեկավարեն տուեալ փոփոխութիւնները», կ՛ըսէ Տան:

«Ան նկատած է գոյութիւնը տեղեկութեան որոշ ձեւի փոխանցումի մը` պարզապէս ճանչնալով ընտանեկան ծառեր եւ հետեւելով յառաջացած փոփոխութիւններուն: Ճիշդ այս մօտեցումը կիրարկած ենք մեր ուսումնասիրութեան մէջ»:

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԾԱՌԵՐ 

Մարմիններու կազմաւորումի եղափոխութեան արդի ուսումնասիրութիւնները կը փնտռեն փոփոխութիւններ` իրարու հետ կապ ունեցող անասուններու շառաւիղներու մէջ: Այսպէս, անոնք ի յայտ կը բերեն եղափոխութեան ենթարկուած յատուկ կառոյցներ:

Իրենց ուսումնասիրութեան ընթացքին գիտնականները քննած են բառերու ըստ կարգի դասաւորումը չորս լեզուաընտանիքներու մէջ. հնդեւրոպական, եութօազթեք, պանթու եւ աւստրոնեզեան:

Անոնք ուսումնասիրած են, թէ արդեօք  շարահիւսութեան մէջ գործածուող կապեր կու գան գոյականէ մը առա՞ջ, թէ՞ վերջ (օրինակ` «նաւուն մէջ» կամ «մէջը նաւուն»), եւ թէ` ինչպէ՞ս ենթակայէ եւ առարկայէ բաղկացած բառերու շարք մը իմաստ կը ստանայ երկուքին պարագային (օրինակ` «ես դրի շունը նաւուն մէջ», «ես շունը դրի մէջը նաւուն»):

Կիրարկուած ձեւը կ՛օգտագործէր տուեալ լեզուաընտանիքներուն մէջ բառերու եւ քերականութեան հաստատ տուեալներ` կառուցելով այս լեզուներուն «ընտանեկան ծառը»:

«Երբ մեր տրամադրութեան տակ ունինք այս ծառերը, կը սկսինք փնտռել, թէ բառերու շարադասութեան տարբեր ձեւերը ի՛նչ փոփոխութիւններ կը կրեն այս լեզուաընտանիքներէն սերած լեզուներուն մէջ, ապա կը սկսինք կառուցել եղափոխուած օրինակներ` փնտռելու համար, թէ ո՛ր օրինակը ամէնէն աւելի հաւանական է, որ ստեղծէ այն այլազանութիւնը, զոր կը տեսնենք աշխարհի վրայ», կը բացատրէ Տան:

Մեր կառուցած օրինակներէն ի յայտ եկաւ, թէ մինչ ընտանեկան ծառի մը մէջ լեզուական տարբեր կառոյցներ կ՛եղափոխուէին ճիւղաւորումներու մէջ, անդին` անոնց եղափոխութեան ձեւը եւ ժամանակը կախեալ էին այն տուեալէն, թէ ո՛ր ճիւղին վրայ կը գտնուէին անոնք:

«Մենք կ՛ապացուցենք, թէ այս լեզուաընտանիքներէն իւրաքանչիւրը կ՛եղափոխուի իրեն յատուկ օրէնքներով եւ ոչ թէ` տիեզերական օրէնքներով», կը բացատրէ Տան:

«Ասիկա չի համապատասխաներ քերականութեան «տիեզերական օրէնքներու» տիրական գաղափարին, այլ մտածել կու տայ, թէ լեզուն մաս կը կազմէ ո՛չ թէ ուղեղին մասնագիտական մէկ կառոյցին, որ անջատ է իմացական կարողութենէն, այլ մաս կը կազմէ մարդկային աւելի լայն իմացական կարողութիւններուն»:

Փոխարէնը` տեղեկագիրը կը շեշտէ, թէ «մշակութային եղափոխութիւնը» հիմնական ազդակն է, որ կ՛որոշէ լեզուական կառոյցը, մինչ լեզուական համակարգ մը իր ներկայ վիճակին մէջ կը սկսի ձեւաւորել եւ սահմանափակել ապագայի վիճակներ:

Այսուհանդերձ, տեղեկագիրին հեղինակներէն եղափոխական կենսաբանութեան մէկ այլ մասնագէտ մը` Օքլենտի համալսարանի դասախօս Ռասըլ Կրէյ կը շեշտէ, թէ ուսումնասիրողները կենսաբանութիւնը չեն գործածեր մշակոյթի դէմ, ոչ ալ կը միտին ցոյց տալ, թէ անոնք էապէս զիրար զանց առնող ազդակներ են:

«Չենք ըսեր, թէ կենսաբանութիւնը կապ չունի, անշո՛ւշտ թէ կապ ունի», կ՛ըսէ Կրէյ:

«Սակայն  պարզապէս անհիմն է այն տկար վիճարկութիւնը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը լսենք իմացական գիտութեան մէջ, որուն համաձայն, մարդկային ուղեղին ներհուն մէկ կառոյցը կը պարտադրէ այս ձեւի «տիեզերական» յատկանիշներ»:

Հարվըրտի համալսարանէն իմացական գիտութեան մասնագէտ Սթիւըն Փինքըր ուսումնասիրութիւնը կ՛որակէ «կարեւոր եւ ողջունելի»:

Այսուհանդերձ, ան կը նշէ, թէ կիրարկուած ձեւին նուրբ մանրամասնութիւնները պէտք է ապացուցուին, որպէսզի աւելի ամբողջական ձեւով պաշտպանեն այն վարկածը, թէ կենսաբանական սահմանափակութիւններէ աւելի` մշակութային սահմաններէն ծնունդ կ՛առնեն լեզուական զարգացումները:

«Ուսումնասիրութեան հեղինակներուն համաձայն, մարդկային ուղեղը հակամէտ է ընդհանրացնելու բառերու շարք մը` տարբեր տեսակի նախադասութիւններու մէջ, ինչ որ տեղի պիտի չունենար, եթէ ուղեղը նախադասութեան իւրաքանչիւր տեսակ արտաբերէր եզակի եւ առանձին օրէնքի մը համաձայն», կ՛ըսէ ան:

«Այս հակամէտութիւնը կրնայ մասնակի ըլլալ, եւ կարելի է զայն նկարագրել տարբեր ձեւերով եւ տարբեր լեզուաընտանիքներու մէջ, սակայն անիկա կարիքը ունի բացատրութեան` լեզու մը խօսող անձերու ուղեղին գործունէութեան հիմամբ»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

Յաջորդը

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐ. ԹՈՒԹԱԿԻ ՁԱԳԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԿԱՆՉԵՐԸ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ ԾՆՈՂՆԵՐԷՆ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.