Երէկ Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Արոնեանի եւ արցախցի գրոսմայսթր Մանուէլ Պետրոսեանի բարեգործական նախաձեռնութիւնը` «Մաթ տեռորին» խորագիրով (Մահ ահաբեկչութեան, check mate):
Լրագրողներու հետ զրոյցին ատեն Լեւոն Արոնեան ըսաւ.
«Միջոցառումը կը կրէ «Մաթ տեռորին» խորագիրը, քանի որ այս պատերազմին մէջ մենք պէտք է պայքարինք ահաբեկիչներու դէմ: Այս պահուն մեր թշնամին կ՛օգտագործէ ահաբեկիչները եւ կ՛ընէ այնպիսի բաներ, որոնք մարդկային չեն: Ի վերջոյ կայ կռիւ, մարտ, եւ կան այն մարդկային բաները, որոնք մենք բոլորս կը բաժնենք: Մեր թշնամին ընտրած է այնպիսի միջոցներ, որոնց մասին ամօթ է խօսիլ: Ան ցոյց կու տայ այնպիսի դաժանութիւններ, որոնք յատուկ չեն նոյնիսկ անասուններուն: Այլեւս բառ չեմ գտներ բնութագրելու թշնամիին արարքները: Պէտք է այդ բոլորին դէմ պայքարինք:
Այսօր հանգանակութիւն կ՛ընենք, մայրիկիս գիրքը կը վաճառեմ, միաժամանակ մրցում կ՛ընենք, որպէսզի գումար հաւաքենք եւ ուղարկենք Արցախի մեր եղբայրներուն: Ինծի շատ կը գրեն իմ գործընկերներս այն երկիրներէն, ուր լուռ են արցախեան պատերազմին մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչութիւններու մասին: Ինծի համար շատ ամօթալի է, որ այդ երկիրները լուռ են: Դուն կրնաս թշնամանք ցուցադրել, բայց լուռ մի՛ ըլլար երբեք: Չեմ կրնար իմ այդ ընկերներս վտանգել, մեղադրել զիրենք լռութեան համար, բայց իսկապէս ինծի կը գրեն շատերը, որոնք շատ հարազատ են: Կը փորձեմ ընկերային ցանցի իմ էջերովս բարձրաձայնել արցախեան պատերազմի մասին, հարցազրոյցներ կու տամ: Կարելի եղածին չափ ամէն բան կը փորձեմ ընել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Արցախի սահմանին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ուղղելու համար:
Վերջին հարցազրոյցս Լաթվիայէն լրագողի մը հետ էր, որ կը գտնուէր Ստեփանակերտի մէջ: Ինծի հարցուց. «Եւրոպայի երկիրները ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի աջակցին ձեզի»: Ասիկա այն հարցումն է, որ բոլոր ժամանակներուն մէջ կու տան: Համոզուած եմ` այս նոյն հարցումը տուած են Մեծ եղեռնի ժամանակ, նոյնը ֆաշական Գերմանիոյ մէջ… Մարդիկ կը մտածեն, որ ոչինչ կրնան ընել, անոնցմէ շատ հեռու է այս ամէնը: Ես վստահ եմ, որ մէկ մարդն ալ կրնայ իր խօսքով բան մը փոխել:
Օրինակ` «Մաթ տեռորին» միջոցառումը նախաձեռնած ենք երեքով` ես, իմ ընկերս` Մանուէլը եւ իմ սիրելին` Անին: Այնպէս չէ, որ մենք մեծ կազմակերպութիւն մը կը ներկայացնենք: Այս միջոցառման նոյնպէս կը մասնակցին արցախցի երեխաներ, որոնց իմ խորհուրդս պիտի ըլլայ հետեւեալը` պայքարիլ, ոգեւորուիլ, յիշել պատմութիւնը: Միշտ եղած է մեր ազգի վերածնունդ: Միշտ եղած է նոր սկիզբ մը մեր ազգին համար:
Ճիշդ այս պատճառով պէտք է շարունակել պայքարիլ: Պէտք է ըլլանք աւելի ուժեղ եւ աւելի նուիրեալ մեր ազգին: Ռազմաճակատ երթալու մտադրութիւն միշտ ունիմ, եւ ես ամէն օր ատոր պատրաստ եմ», ըսաւ Լեւոն Արոնեան: