Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Հիմնարկը Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Գործողութիւններուն Մէջ Ցեղասպանութեան Վտանգ Կը Տեսնէ

Նոյեմբեր 6, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը (ԱՈՑՈՀ) Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գործողութիւններուն մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կը տեսնէ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է հիմնարկի` Աւստրալիոյ կառավարութեան ուղղուած ուղերձին մէջ:

«ԱՈՑՈՀ-ը լուրջ մտահոգութիւններ ունի Արցախի մէջ տագնապին, մասնաւորաբար` բնիկ հայ բնակչութեան դէմ ցեղասպանութեան վտանգի աճին վերաբերեալ: ԱՈՑՈՀ-ը Աւստրալիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` կանխարգիլելու համար հետագայ վայրագութիւնները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները ժողովուրդի մը դէմ, որ արդէն անցած է ցեղասպանութեան մէջէն եւ երբեք չէ տեսած արդարութիւն: 27 սեպտեմբերէն սկսեալ Ազրպէյճանը, որուն կ՛աջակցի Թուրքիան, նախայարձակ յարձակումներ սկսած է Արցախի վրայ, ներառեալ յարձակումներ` հայ խաղաղ բնակիչներու վրայ: Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ հեռահար հրթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ տարանջատուող ռումբեր, որոնք արգիլուած են միջազգային օրէնքով», նշուած է ուղերձին մէջ:

Հիմնարկը կը նշէ, որ յարձակումներուն պատճառով զոհուած են խաղաղ բնակիչներ, աւերուած են տուներ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ մշակութային-կրօնական վայրեր, ինչպիսիք են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին, ինչ որ արգիլուած է միջազգային մարդասիրական օրէնքով:

«Թուրքիան, որ կը շարունակէ հերքել իր օսմանցի նախնիներու մէկ դար առաջ գործած Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը շարունակէ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանին` զէնքի եւ Սուրիայէն բերուած օտարերկրեայ վարձկաններու տեսքով: Ատելութեան խօսքը եւ մարդատեացութիւնը մօտալուտ ցեղասպանութեան կարեւոր ցուցանիշներ են: Ազրպէյճանի զինուորական, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղային զտումներու յայտարարուած մտադրութեան, ինչպէս նաեւ հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւններու ժխտման եւ անպատժելիութեան ծիրին մէջ, ԱՈՑՈՀ-ը կը պնդէ, որ Արցախի մէջ ցեղասպանութեան մեծ վտանգ կայ, եթէ ազրպէյճանական ուժերը վերահսկողութեան տակ առնեն այդ տարածքը», նշուած է հիմնարկի ուղերձին մէջ:

ԱՈՑՈՀ-ի ներկայացուցիչները կ՛ընդգծեն, որ Աւստրալիան պարտաւոր է քայլերու ձեռնարկել յանցագործութիւնները կանխարգիլելու եւ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Աւստրալիոյ Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը Աւստրալիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ օգտագործելու բոլոր դիւանագիտական միջոցները` Ազրպէյճանին ստիպելու` կատարել միջազգային մարդասիրական օրէնքով ստանձնած պարտաւորութիւնները, դատապարտել ատելութեան խօսքը, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան մտադրութիւնը եւ ցեղասպանութեան ժխտումը, դատապարտել օտարերկրեայ վարձկաններու օգտագործումը, քայլեր ձեռնարկել Ազրպէյճանն ու Թուրքիան վայրագութիւններու եւ զինուորական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան ենթարկելու առումով, մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Արցախի ժողովուրդին:

 

 

Նախորդը

«Կեդրոնական Դրամատան Իրաւական Հաշուեքննութեան Յանձնառու Կը Մնանք Եւ Զայն Անհրաժեշտ Կը Նկատենք Բարեկարգումներ Կատարելու Ճամբուն Վրայ» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Իտալիոյ Տրենա Եւ Պլեճիօ Սուփերիորէ Համայնքները Ճանչցած Են Արցախի Անկախութիւնը

RelatedPosts

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ
Հայկական

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Նոյեմբեր 1, 2025
Անի Զալինեան` Նետերլանտներու  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Հայկական

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?