Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ, ՀԱՒԱՏԱ…

January 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ Այնճարի մուտքին քեզ ողջունող գրախանութին մէջ կամ անոր դրան սեմին ա՛լ պիտի չհանդիպիս իրեն, որ ոեւէ մէկը կ՛ողջունէր մեղմ ժպիտով, համեստ հոգիով եւ ամենայն քաղաքավարութեամբ…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ Այնճարի մէջ կազմակերպուած տարբեր տեսակի ձեռնարկներուն, հակառակ փնտռտուքներուդ, պիտի չկարենաս գտնել անխօս գործողն ու ընդհանրապէս ետեւի շարքերուն մէջ ըլլալ նախընտրողը…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ «Ազդակ»-ի յարկին տակ ա՛լ պիտի չյայտնուի սիրալիր կերպով, ժպտադէմ ու իրեն յատուկ շեշտով անխտիր բոլորը բարեւողն ու ողջունողը…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ Այնճարէն Պէյրութ հասած ձիւնագնդակները ալ «Ազդակ»-ի էջերէն իրենց ուղին պիտի չգտնեն` այս կամ այն կողմ սլաքներ արձակելու…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ մոմի լոյսով Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներ փնտռող, անոնց շառաւիղները որոնող եւ առանց տատամսելու իսկոյն անոնց մօտ փութացող, անարցունք լացով անոնց պատմութիւնները ունկնդրող, գրի առնող, ապա պատկերին տարբեր կտորները իրարու միացնելով վերապրողի մը ոդիսականը համայն հայութեան տրամադրութեան տակ դնող նուիրեալին մոմը մարած է…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ Տէր Զօրի անապատներուն ու սուրիական հեռաւոր շրջաններուն մէջ ապրող եւ իրենց հարազատը գտնելու ցնծութեամբ երջանկացած, իրենց հետ մնայուն կապ հաստատող տասնեակ հազարաւոր իսլամացած հայերը ա՛լ որբ մնացին…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ «իրենց ճակատագիրին ձգուած» իսլամացած հայերուն մասին տեղեկութիւններ ունենալու համար ա՛լ կարելի պիտի չըլլայ զինք հրաւիրել հոս ու հոն, իրեն հետ հարցազրոյցներ ընել, որպէսզի իր իսկ պեղած ողբերգութեամբ լեցուն պատմութիւնները անգիր կերպով, ամենայն մանրամասնութեամբ եւ թէկուզ զինք ալ յուզելու գնով պատմէ ու պատմէ` իբրեւ ծանօթացում եւ կոչ…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ իր գիրքերու խմբագրութեան, սրբագրութեան, էջադրումի, տպագրութեան ուղիին վրայ քեզի ուժ ու կորով ներշնչող, մնայուն օժանդակութիւն առաջարկող, որեւէ պարագայի նեցուկ հանդիսացող պատրաստակամ ու միշտ երախտապարտ հեղինակը ա՛լ կարելի պիտի չըլլայ գտնել…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ իր նորանոր գիրքերու հրատարակութեան առիթով անոր մերթ յուզուող ու յուզող, մերթ վճռական ու խթանող, մերթ ուրախացող եւ նոր յաղթանակի մասին աւետող ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի «Վանայ ձայն»-էն…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ ալ իրմէ ե-նամակներ պիտի չստանաս` յօդուածներ ու պատմուածքներ փոխանցող, շնորհաւորութիւններ ու շնորհակալութիւններ ուղղող…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ հեռաձայնին միւս ծայրէն ա՛լ պիտի չլսուի որպիսութիւն հարցնող եւ միշտ լաւատես ըլլալու մղող հզօր ձայնը անոր…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ մնայուն կերպով նոր ծրագիրներ ու երազներ ունեցող, անոնց իրականացման համար անխոնջ ու անքուն աշխատանքի լծուելու պատրաստակամ մարդը ա՛լ վերջնական հանգիստի կանչուած է…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ խոր սիրով հողին կապուած, իր ցանած ու հասցուցած ծառերուն հետ մնայուն երկխօսութեան մէջ եղող, հողին բարեբերութեան եւ անզուգականութեան մասին մնայուն գովք հիւսող հողագործը գրկած է այդ նոյն հողը ու միացած` անոր…

Եթէ կրնաս հաւատա, որ իր հեւքին ու վազքին մէջ նստիլ իսկ չուզողը իր սիրած ու անոր ծառայութեան համար ոչինչ խնայած Այնճարի բարձունքին վրայ անշարժութեան ու անշնչութեան դատապարտուած է…

Եթէ կրնաս, հաւատա, որ հաճելի, արդիւնաւէտ, բարեբեր, լուռ, բայց տիրական ներկայութիւն եղող ընկեր Ճորճ Աբէլեանը ա՛լ բացակայութիւն է…

Ես, որ իրեն մօտ տեսայ միայն ու միայն կեանք, անոր նկատմամբ խորունկ ու անսահման սէր, անոր իւրաքանչիւր վայրկեանէն օգտուելու մնայուն ձգտում ու տենչ, մէկ ծրագիրը իր աւարտին չհասցուցած` ուրիշ մը մշակելու վճռակամութիւն, ե-նամակներով նորանոր պատմութիւններ ու յօդուածներ տեղացնելու խանդավառութիւն, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն պատմութիւնները հաւաքելու լծուած ու անոնց ընկերակցող տխրութեան եւ յուզումի տարողութիւնը միշտ անտեսող, սակայն խորապէս ազդուող նուիրեալը, Հայ դատի համար պայքարողը, նոյնիսկ հիւանդութեան պահերուն յոյսն ու լոյսը փնտռողը, չեմ կրնար հաւատալ ու չեմ ալ ուզեր հաւատալ…

Սիրելի երէ՛ց ընկերս, ամենայն յարգանքի արժանի ընկե՛ր Ճորճ,

Մտապատկերիս մէջ քեզ պիտի ունենամ խրոխտ քայլերով, կարմրուկ այտերով, մեղմ ժպիտով, խօսուն աչքերով, միշտ լաւատես, քաջալերող եւ յուսատու այն անձնաւորութիւնը, որ կարճ ժամանակի մէջ ինծի շատ բան կրցաւ փոխանցել, շատ բան կերտել էութեանս խորը եւ մեծ դրոշմ ձգել սրտիս ու մտքիս մէջ:

Ես խորապէս կը հաւատամ, որ յիշատակ պիտի չըլլաս, այլ` լուռ ներկայութիւն:

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Նախորդը

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Յաջորդը

ՀԱՄԵՍՏ ՃՈՐՃ ՄԸ` ՈՉ ՀԱՄԵՍՏ ՎԱՍՏԱԿՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.