Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Պորուսիա Տորթմունտ յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար Քէօլնի (2-1) եւ Արմինիա Պիլըֆելտի (2-0) դաշտերուն վրայ:
Անոնց արձանագրած այս յաղթանակով անոնց միջեւ եղող կոլ-էվըրէյճի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` ի նպաստ երկրին գործող ախոյեան Պայէրնի: Երկուքն ալ ունին 15-ական կէտ:
Նախքան այս հանգրուանի մրցումներուն կայացումը, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկ, որ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ, նահանջեց երրորդ դիրք` երկու կէտով ետ մնալով անոնցմէ:
Պայէրնի երկու կոլերը նշանակեցին Թոմաս Միւլըր (13-րդ փենալթիով) եւ Սերժ Կնապրի (45-րդ), իսկ Տորթմունտի կոլերը` Մաթց Հիւմելս (53-րդ եւ 71-րդ):