«TheKoreaTimes» յայտնեց, որ հարաւային քորէական Սէուլ ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող յետսապահ Քիմ Նամ Չունի մահացած գտնուած է:
Ոստիկանութիւնը նշեց, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստին վրայ բռնութեան որեւէ հետքեր չկան: Կը կարծուի, թէ ան անձնասպան եղած է:
Ան 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սէուլի:
Քիմ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ընդամէնը մասնակցած է 137 մրցումի` նշանակելով 4 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ: