ՄԱՀԱԶԴ
Վահէ եւ Էթի Պէզճեան եւ զաւակունք
Րոպէրթին եւ Նաթալի Պօղոսեան
Յարութ, Վիգէն եւ Յակոբ Չափարեաններ
եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Մարի Մղտէսեան եւ զաւակը` Յովիկ եւ ընտանիք (Կիպրոս)
Փարին Գույումճեան
Պօղոսեան եւ Պէզճեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Չափարեան ընտանիքներ
Մղտէսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍՕՍԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 24 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ներկայ պայմաններու բերումով ցաւակցութիւնները յայտնել հեռաձայնով Էթի` 03-129875 եւ Նաթալի` 71-100680:
Կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել «Արցախ ֆոնտ»-ին:
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2020-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-