Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Պիտի Չհանդուրժէ Յարձակում Իր Սահմաններուն Եւ Տարածքին Մէջ. Այս Սկզբունքը Խախտած Որեւէ Կողմ Պիտի Մերժուի» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը

October 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրան ուշադիր կերպով կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալող զինուորական գործողութիւններուն եւ պիտի չհանդուրժէ յարձակում իր սահմաններուն եւ տարածքներուն մէջ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալալի:

Նախապէս իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, Իրանի տարածքին ղարաբաղեան տագնապի գօտիէն անօդաչու թռչող սարքերու ջախջախման եւ ռումբեր իյնալուն մասին:

«Իրան ուշադիր եւ ամենայն լրջութեամբ կը հետեւի երկրի սահմանամերձ հատուածներուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան եւ, այս առնչութեամբ յայտարարելով մեր երկրի տարածքին հակամարտող կողմերէ յարձակումի անընդունելիութիւնը, լուրջ նախազգուշացում կ՛ուղղենք անոնց` անհրաժեշտ զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու», ըսած է Իրանի դեսպանը:

Ժալալի ընդգծած է, որ Իրան սերտ եւ լուրջ հաղորդակցութեան մէջ է բոլոր կողմերուն հետ:

«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը որեւէ ձեւով պիտի չհանդուրժէ յարձակում իր սահմաններուն եւ իր տարածքին մէջ: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին դէպքերուն ժամանակ մենք երկու կողմերուն ըսինք, որ այս սկզբունքը խախտողը բոլորովին պիտի մերժուի», ըսած է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպանը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ պաշտպանութեան որոշ ոլորտներու մէջ Իրան հասած է ինքնաբաւութեան եւ նոյնիսկ արտածման հնարաւորութիւններու:

«Եթէ անհրաժեշտութիւն զգանք, ապա անպայման համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկուի», ըսած է Ժալալի:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Իրանի զինեալ ուժերու բանբեր զօր. Ապոլֆազլ Շեքարժի երէկ յայտարարած է, որ Իրանի զինեալ ուժերը ամրապնդած են իրենց երկրի հիւսիսային սահմաններու պահպանութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող իրավիճակին պատճառով:

Ան մատնանշած է տագնապի գօտիէն Իրանի տարածք ռումբեր իյնալը` կողմերուն խորհուրդ տալով չանցնիլ Իրանի կարմիր գիծերը եւ իրենց խնդիրները լուծել երկխօսութեան ճամբով, այլապէս` Իրան պիտի չհանդուրժէ:

Ըստ ռուսական «Տիսքաւըր24» կայքին, Իրան հրետանային հարուածներ հասցուցած է Ազրպէյճանի դիրքերուն, երբ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու անօդաչու թռչող սարքը մուտք գործած է իր օդային տարածք:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Մեկնաբանած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Մէջ ՀԱՊԿ-ի Ներգրաւման Հաւանականութիւնը

Յաջորդը

«Փութին Ամէն Բան Կ՛ընէ Պատերազմը Դադրեցնելու Եւ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծումը Խաղաղ Հուն Տեղափոխելու Համար» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Ամբողջութեամբ Վերահսկել  Հորմուզի Նեղուցին»
Գլխաւոր լուրեր

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

September 25, 2026
Փեսքով. «Թրամփի Ռուսիա Այցելելու  Փութինի Հրաւէրը Ուժի Մէջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

September 25, 2026
Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով
Միջազգային

Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.