Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Ուաշինկթըն Մոսկուայի Հետ Պիտի Գործակցի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ

Հոկտեմբեր 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յոյս ունի, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի օգնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Փութին այս մասին յայտնած է «Վալտայ» ակումբի նիստին ընթացքին:

«Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հերթական անգամ եկած էին մեր մօտ (Մոսկուա): Հոկտեմբեր 23-ին անոնք հանդիպում ունին Ուաշինկթընի մէջ: Ես մեծ յոյսեր ունիմ, որ մեր ամերիկացի պաշտօնակիցները պիտի գործեն մեզի հետ միատեղ եւ պիտի օգնեն տագնապի լուծման», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Ռուսիան մնայուն կերպով ունեցած է առանձնայատուկ կապեր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ», յայտարարած է ան` աւելցնելով. «Սկսինք սկիզբէն` Լեռնային Ղարաբաղէն, եւ թէ որո՛ւ կ՛աջակցինք: Մենք ըսած ենք, որ Ռուսիան միշտ ալ ունեցած է յատուկ կապեր Հայաստանի հետ: Սակայն մենք յատուկ կապեր ունեցած ենք նաեւ Ազրպէյճանի հետ: Ռուսիոյ մէջ կ՛ապրին շուրջ երկու միլիոն ազրպէյճանցի եւ աւելի քան երկու միլիոն հայ: Ասոնք ոչ միայն մարդիկ են, որոնք եկած են ժամանակաւորապէս աշխատելու համար, այլ նաեւ անոնք այստեղ կ՛ապրին գործնականին մէջ` մնայուն կերպով», ըսած է ան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն:

Փութին նաեւ ըսած է, որ Ռուսիոյ համար Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաւասար գործընկերներ են, եւ Ռուսիոյ համար ողբերգութիւն է, որ այնտեղ մարդիկ կը զոհուին: «Կ՛ուզենք լիարժէք յարաբերութիւններ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի հետ», ըսած է ան:

Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է, որ շատ պիտի ուզէր փոխզիջում գտնել Ղարաբաղեան տագնապին առնչուած եւ ան օրական քանի մը անգամ հեռաձայնային զրոյցներ կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ:

Փութին յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը հայկական կողմին ու Ազրպէյճանի միջեւ նախապէս եղած է ազգային ճակատում եւ սկսած է հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած յանցագործութիւններէ: «Այս տագնապը չէ սկսած իբրեւ միջպետական տագնապ` իբրեւ տարածքներու համար պայքար, այլ սկսած է իբրեւ ազգային ճակատում: Ցաւալիօրէն փաստ է, որ Սումկայիթի մէջ, յետոյ ալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդին հանդէպ յանցագործութիւն գործուած է, եւ այս ամէնը պէտք է հաշուի առնուի», ըսած է ան:

Փութին նաեւ նկատած է, որ Ազրպէյճան կորսնցուցած է իր տարածքներու զգալի մասը, եւ ատիկա յաւերժ չի կրնար շարունակուիլ:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց. «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները միշտ չէ, որ կը համընկնին, յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով եթէ բանակցութիւնները երեսուն տարուան ընթացքին արդիւնք չեն տար, ատիկա չի նշանակեր, որ պէտք է սկսիլ կրակել: Մոսկուան կը զօրակցի քաղաքական լուծման»:

«Ատիկա Թուրքիոյ նախագահին յաջորդական դիրքորոշումն է. ան չի ճանչնար Խրիմը, չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը: Սակայն ի՞նչ է մեր կացութիւնը: Պէտք է յամառօրէն աշխատինք բոլորին հետ, զինուինք համբերութեամբ, ինչ որ կ՛ընենք, ապացուցենք բոլորին, որ մեր դիրքորոշումը ճիշդ է, եւ մենք զայն պիտի պաշտպանենք: Իսկ այն հարցերուն մէջ, որոնց շուրջ մեր մօտեցումներն ու դիրքորոշումները չեն համընկնիր, պէտք է փոխզիջում փնտռել», ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը:

«Այնպէս կը հասկնամ, որ Հարաւային Կովկասի հարցին մէջ մեր դիրքորոշումները չեն համընկնիր, որովհետեւ մենք կը կարծենք, թէ վիճայարոյց հարցերը, այնուամենայնիւ, պէտք է լուծել ո՛չ թէ ուժի միջոցով, ո՛չ թէ զէնքի օգնութեամբ, այլ դիւանագիտական միջոցով` բանակցութիւններու սեղանին շուրջ», աւելցուցած է Փութին:

 

Նախորդը

Ալիեւ Չէ Բացառած Մոսկուայի Մէջ Փաշինեանի Հետ Հանդիպման Կարելիութիւնը

Յաջորդը

ՕԹԱՆ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղեց` Օգտագործել Իր Ազդեցութիւնը Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիի Մէջ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?