Ռուսիա կ՛ողջունէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունենալու ցանկութիւնը: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքոն:
«Մենք տեսած ենք այդ հաղորդագրութիւնները: Կ՛ողջունենք ղեկավարներու` հանդիպելու եւ խաղաղութեան հասնելու ցանկութիւնը», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը` պատասխանելով ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հարցումին:



