Յ.Վ.
Խոր վիշտով իմացանք Տիկին Արաքսի (Տէյիրմենճեան) Վարժապետեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 6, 2020ին: Ան անդրանիկ դուստրը Արշակ եւ Զապէլ Տէյիրմէնճեաններու ծնած էր Երուսաղէմ 1924ին. ծնողքը Մարաշէն՝ Մեծ Եղեռնէն ու աքսորէն վերապրած, իրենց շունչ առած էին Պաղեստին: Ծնողքին տոհմը՝ Մամիկոնեան Արտաշատէն գալով հաստատուած էր Կիլիկիա եւ ձեռնարկած էր ջաղացքի գործարանի: Ստիպողաբար ազգանունը փոխած էր Տէյիրմենճեանի:
Արաքսին հասակ կ’առնէր Երուսաղէմի մէջ ուսանելով տեղւոյն Թարգմանչաց Ազգային վարժարանը, ուր կը ստանար ազգային հոգեւոր կրթութիւն: Այնուհետեւ, բարձրագոյն ուսման համար կը հետեւէր տեղւոյն LGS անգլիական վարժարանը:
Պէյրութ հաստատուելով կ’ամուսնանայ ծանօթ ազգային կրթական մշակ ու գործիչ, պատմաբան ու թարգմանիչ Սիսակ Վարժապետեանի հետ: Եկեղեցական տագնապի տխուր օրերուն, բոլորանուէր կը նուիրուի Մայր Աթոռի պայծառութեան եւ մաս կը կազմէ Պէյրութի մէջ հիմնուած «Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Միութեան» եւ ի գնահատանք Միութեան տարիներու անսակարկ ծառայութեան համար իրենց կը շնորհուի Ամենայն Հայոց Հայրապետ Վազգէն Ա.ի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանն ու սրբատառ կոնդակը:
Իր ամուսնոյն՝ Սիսակին հետ տասնամեակներ ամբողջ իր ծառայութիւնը կը բերէ Լիբանանի ՀԲԸՄի եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) կեանքէն ներս: Երկար տարիներ Սիսակը եղած էր հիմնադիրներէն եւ վարած էր ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը. պէտք է արձանագրել որ այդ շրջանին կազմակերպութիւնը ունեցաւ մշակութային, մարզական եւ սկաուտական բեղուն գործունէութիւն: Ինքն էր որ գրած էր Ընկերակցութեան քայլերգին բառերը:
Մայիս 8, 2006ին Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան կը մեծարէ Տիկին Արաքսին օրպէս Տարուան Մայրը:
Վարժապետեաններ բախտաւորուեցան երեք զաւակներով՝ Խաժակ, Շողակ եւ Շահնուր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով անոնք փոխադրուեցան Միացեալ Նահանգներ եւ արժանացան փեսային՝ Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ դստեր՝ Շողակի անմիջական գուրգուրանքին: Վարժապետեաններ Ամերիկայի մէջ եւս շարունակեցին բերել իրենց ծառայութիւնը հայ դպրութեան, եկեղեցւոյ եւ կրթական կեանքին: Արաքսին երկար տարիներ մաս կը կազմէր Փալոս Հայթցի (Իլլինոյ) Ս. Յովակիմ եւ Անն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երգչախումբին: Սիսակ Վարժապետեան կը մահանայ 1982ին:
Ողբացեալ Արաքսիին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գալիֆորնիոյ Ռոզ Հիլզ գերեզմանատան մէջ ուր պիտի ամփոփուի ողբացեալին մարմինը ընտանեկան դամբարանին մէջ: