Էլիզէի պալատին մէջ ընդգծած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման մասին կողմերու համաձայնութիւններու կատարման կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»¬ը` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ին:
«Զինադադարի մասին համաձայնագիրը չի գործադրուիր: Անհրաժեշտ է, որ անիկա գործադրուի: Անիկա մնացածին սկիզբն է: Մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք ատոր», լրագրողներուն ըսած է Էլիզէի պալատէն աղբիւրը:
Ան նշած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կապի մէջ եղած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Էլիզէի պալատը նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կողմէ Ղարաբաղ վարձկաններու ուղարկումը անմեղ ու անկողմնակալ արարք մը չէ: