Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեչենիոյ Մէջ Վնասազերծուած Են Սուրիայէն Եկած Զինեալներ, Որոնք Ահաբեկչութիւններ Կը Նախապատրաստէին

October 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով իր թելեկրամեան ալիքին վրայ գրած է, որ մայրաքաղաք Կրոզնիի շրջանին մէջ կրակոց կազմակերպած յանցագործները արտերկրէն եկած են:

Քատիրով մանրամասնած է, որ անոնք ահաբեկչութիւններ կատարելու նպատակով Սուրիայէն հասած էին Չեչենիա: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Վերջին ժամանակներուն այդ «շայթանները» Ռուսիոյ սահմաններէն դուրս փախուստի մէջ էին, թաքնուած էին Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Հիմա ալ իրենց արեւմտեան հովանաւորներէն հրաման ստանալով` վերադարձած են եւ որոշած շարք մը ահաբեկչութիւններ կատարել», ըսած է Քատիրով:

Անոր համաձայն, իրաւապահ մարմինները նախապէս տեղեկութիւն ստացած են, թէ արտերկրէն շրջան հասած են ապօրինի զինուած խմբաւորումներու անդամներ, որոնց յայտնաբերման համար յատուկ գործնական քայլեր ձեռնարկուած են:

Յանցագործներու որոնողական աշխատանքներուն օգնած են նաեւ տեղւոյն բնակիչները` համապատասխան մարմիններուն յայտնելով յարակից տուներէն մէկուն մէջ կասկածելի մարդոց գոյութեան մասին:

Քատիրով աւելցուցած է նաեւ, որ չէզոքացուած զինեալներու մօտ զէնք, զինամթերք, հաղորդակցութեան միջոցներ յայտնաբերուած են: Կը նշուի, որ վերջիններս պատրաստուած են շրջանին մէջ ահաբեկչութիւններ կատարելու:

Դէպքին վայրը առաջինը հասած են ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը, որոնք կռիւի մէջ մտած են զինեալներուն հետ, այդ պատճառով ալ նաեւ կորուստներ կրած են: Հանրապետութեան ղեկավարին համաձայն, ռուսական պահակագունդի զոհուած մարտիկներու ընտանիքներուն «բազմակողմանի աջակցութիւն» պիտի յատկացուի:

«Չեչենիոյ հանրապետութեան մայրաքաղաքին եւ ամբողջ շրջանին մէջ այժմ իրավիճակը կայուն եւ հանգիստ է: Սահմանափակող քայլեր չկան, շարժումը ազատ է: Բոլոր ծառայութիւնները կ՛աշխատին սովորական դրութեամբ: Անվտանգութեան ուժերը աշխատած են ըստ կարելւոյն արհեստավարժ, հմուտ եւ ծածուկ», աւելցուցած է Քատիրով:

Նախորդը

«Բոլոր Խնդիրներուն Արմատը Թուրքիան Է» Կ՛ըսէ Տենտիաս

Յաջորդը

Վրաստան Հերքած Է Քաղաքային Թռիչքներու Անուան Տակ Զինուորական Բեռնափոխադրումներու Իրականացումը Դէպի Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.