Իրանի Արտապիլ նահանգի Ուզուն Թափեհ գիւղի ցանքատարածքներէն մէկուն մէջ անօդաչու թռչող սարք մը ջախջախուած է: «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Արտապիլի նահանգապետի տեղակալը:
Ան նշած է, թէ այժմ կ՛ուսումնասիրեն, թէ նշեալ անօդաչու թռչող սարքը որո՛ւ կը պատկանի եւ ինչպէ՛ս ջախջախուած է այդ տարածքին մէջ: