Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Վերաբերեալ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնը Ամբողջութեամբ Չի Պահպանուիր» Կ՛ըսէ Լաւրով

Հոկտեմբեր 13, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի վերաբերեալ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները ամբողջութեամբ չեն կատարուիր: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ իր հանդիպումէն առաջ:

«Նախորդ ուրբաթ եւ շաբաթ, յամենայն դէպս, շաբաթ օրուան մէկ մասը, մենք անցուցած ենք այստեղ, այս շէնքին մէջ, մեր ազրպէյճանցի գործընկերոջ հետ: Ձեռք բերուած էր կարեւոր համաձայնութիւն` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ: Մենք կը տեսնենք, որ այդ համաձայնութիւնը տակաւին կը պահպանուի ոչ ամբողջական կերպով, եւ զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին», ըսաւ Լաւրով:

Ան յոյս յայտնեց, որ Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շփումները պիտի օգնեն իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Աւելի ուշ, Մնացականեանի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիա յոյսով է, որ տագնապին երկու կողմերն ալ անշեղօրէն պիտի կատարեն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ բանակցութիւններուն հիմամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան վերաբերեալ որդեգրուած որոշումները:

«Մենք նախարար Մնացականեանի հետ մեր բացման խօսքերուն մէջ վերահաստատեցինք մեր հաւատարմութիւնը այն համաձայնութեան, որ ձեռք բերուած էր այստեղ շաբաթ օրուան լուսցող գիշերը: Այնտեղ յստակօրէն նշուած է, որ պէտք է անյապաղ դադրեցնել կրակոցը` մարդասիրական նպատակով, հետեւիլ կրակոցի դադրեցման պարտաւորութիւններու կատարման, փոխանակել գերիները, պահուող անձերու եւ զոհուածներու դիակները, ինչպէս նաեւ վերսկսիլ խաղաղ բանակցութիւններու քաղաքական հոլովոյթը` Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին ներքեւ եւ այդ ծիրին մէջ մշակուած սկզբունքներու հիման վրայ: Ահա այս է մեր ու Հայաստանի դիրքորոշումը», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

«Միտքեր փոխանակած ենք նաեւ այն մասին, թէ ինչպէս յառաջ շարժիլ: Ոչ բոլոր հարցերը պիտի լուծուին արագ եւ միաժամանակ: Մենք կը հասկնանք, թէ հոլովոյթ պէտք է, սակայն քաղաքական բանակցային հոլովոյթի վերսկսումը ձգձգելը սխալ կը նկատենք: Որքան մեզի յայտնած են մեր հայ ընկերները, այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք շարժիլ յառաջ, այս նիւթը պիտի քննարկուի նախարար Մնացականեանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հանդիպումին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ»:

«9-10 հոկտեմբեր  այստեղ (Մոսկուայի մէջ) տեղի ունեցած է մեր հանդիպումը, որ արտօնած է համաձայնութեան գալ, ատիկա հրապարակուած է, տարածուած է ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ: Եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ ընդունուած որոշումները անշեղօրէն պիտի իրագործուին երկու կողմերէն: Մենք այսօր այդ մասին մանրամասն խօսած ենք», ըսած է Լաւրով:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ անցած ուրբաթ եւ շաբաթ օրուան մէկ մասը մենք մնացած ենք միասին այս շէնքին մէջ` մեր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ, մենք կարեւոր համաձայնութիւն ձեռք բերած ենք: Մենք կը տեսնենք, որ այդ պայմանաւորուածութիւնը լիարժէքօրէն չի պահպանուիր, եւ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Մենք կ՛ակնկալենք, որ հաղորդակցութիւնները, ե՛ւ ձեզ հետ, ե՛ւ Ազրպէյճանի հետ, ներառեալ պաշտպանութեան նախարարութիւնները  պիտի արտօնեն ապահովել եռակողմ ձեւաչափով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումը», ընդգծեց Լաւրով:

«Կ՛ուզեմ յոյս յայտնել, որ պիտի յաջողինք բեկում մտցնել տիրող իրավիճակին մէջ ամէնէն մօտ ժամանակահատուածի մէջ: Մենք ատով հետաքրքրուած ենք այնպէս ինչպէս, կը կարծեմ, իրարու հետ հակամարտող կողմերը», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ «Թուրքիան պէտք է աւելի աշխուժ դերակատարութիւն ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ, թէ՛ Մինսքի խմբակի ձեւաչափի, թէ՛ ալ այլ ձեւաչափերու ծիրին մէջ»:

Ան յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն մէջ միջնորդութեան լիազօրութիւն ունին երեք համանախագահ երկիրները` Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան` ընդգծելով, որ Մոսկուայի մէջ որդեգրուած եռակողմ յայտարարութեան կէտերէն մէկով ճշդուած է բանակցային հոլովոյթի ձեւաչափի անփոփոխելիութիւնը:

«Վերջին օրերուն, այն յայտարարութիւնները, որոնք հնչած են համաշխարհային մայրաքաղաքներէն, կ՛ընդգծեն հաւատարմութիւնը երեք համանախագահներու լիազօրութեան», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ան աւելցուց, որ ԵԱՀԿ¬ի Միսքի խմբակի համանախագահները Մոսկուա կը գտնուին եւ հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ, իսկ անցեալ շաբաթ Ժընեւի մէջ հաղորդակցութիւն ունեցած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ:

«Մենք կը վերահաստատենք բանակցային հոլովոյթի, բանակցային ձեւաչափի անփոփոխելիութիւնը: Եռակողմ միացեալ յայտարարութեամբ վերահաստատած ենք հաւատարմութիւնը քաղաքական լուծման հասնելու հետագայ ջանքերուն` այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնք մշակուած են համանախագահներուն մասնակցութեամբ», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Իլհամ Ալիեւ եւս ողջունած է Մոսկուայի համաձայնութիւնները:

Լաւրով աւելցուց, որ կապ հաստատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, զայն տեղեակ պահած է, որ կ՛ակնկալեն աջակցութիւն իրենց ջանքերուն: «Կիրակի մենք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը եւս ունեցած ենք, որուն ընթացքին հաստատուած է աջակցութիւնը Մոսկուայի փաստաթուղթին», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը եզրափակելով իր խօսքը ընդգծեց, որ պէտք է Մոսկուայի համաձայնութիւնները աշխատին իսկական կեանքի մէջ, եւ այդ ուղղութեամբ ալ իրենք կ՛աշխատին:

 

Նախորդը

Դատապարտելով Սրբավայրերու Ռմբակոծումը . Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Շինիչ Երկխօսութեան

Յաջորդը

Արցախի Գծով ՀՅԴ-ն Ունի Իր Պատկերացումներն Ու Մօտեցումները

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ  Կորսուածներու Հարցով»  Համաժողովին  Մասնակցողները  Բռնագրաւեալ Արցախ  Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?