
Ֆրանսայի Ալֆորվիլ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրած է Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցող որոշում մը: Այդ մասին դիմատետրեան իր էջին վրայ յայտնած է Ալֆորվիլի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան:
Խորհուրդը որոշած է նաեւ Աֆորվիլի կողմէ ելեւմտական աջակցութիւն տրամադրել Արցախի հայ բնակչութեան: