Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամփոփագիր Հայ Դատի Գրասենեակներու Եւ Յանձնախումբերու Կողմէ Կատարուած Աշխատանքներու (6-8 Հոկտեմբեր 2020)

October 9, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատա

7 հոկտեմբերին Քանատայի կանաչներու կուսակցութիւնը եւ երեսփոխան Էլիզապեթ Մէյ դատապարտած են Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումները եւ կոչ ուղղած քանատական կառավարութեան ՕԹԱՆ-ի հետ աշխատանքներ տանելու` Թուրքիան ճնշելու եւ հակամարտութիւնը մեղմացնելու համար:

Նոյն օրը Քեպեքի խորհրդարանը դատապարտած է «քաղաքայիններու նկատմամբ բռնութիւնը» եւ համերաշխութիւն յայտնած Հայաստանին:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեան Արցախի պատերազմի ծալքերը, թուրք-ազրպէյճանական սադրանքները եւ Քանատայի կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի կասեցման վերաբերեալ հարցերը ներկայացուց Քանատայի հանրային պատկերասփիւռի կայանի` «Սի. Պի. Սի.»-ի «Փաուըր էնտ փոլիթիքս» հաղորդաշարի ընթացքին:

Եւրոպա

Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը բողոքի նամակ յանձնած է Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին` պահանջելով Աւստրիական իշխանութիւններէն յաւելեալ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վրայ` վերջիններուս շղթայազերծած պատերազմին վերջ տալու համար:

7 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին երեսփոխաններու ճնշող մեծամասնութիւնը` բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններէն, յստակօրէն եւ խիստ կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ դերը տագնապի սրացման մէջ, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Ելոյթ ունեցող վաթսուն երեսփոխաններէն միայն հինգը իր աջակցութիւնը յայտնեց Ազրպէյճանին: Բոլոր հինգ երեսփոխանները նախապէս Ազրպէյճանի հետ սերտ կապեր ունեցած են, որոշները` նեղ անձնական շահեր: Մեծ թիւով երեսփոխաններ շեշտեցին, որ Թուրքիոյ` շրջանը ապակայունացնող քաղաքականութիւնը անընդունելի է: Անոնք խստօրէն քննադատեցին Թուրքիոյ իշխանութիւնները` հայերուն դէմ կռուելու նպատակով Սուրիայէն եւ Լիպիայէն իսլամականներ ուղարկելու համար: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ընթացող ցոյցի ժամանակ խորհրդարանի շրջակայքը մեր հայրենակիցներուն կողմէ տեղի ունեցաւ բազմահազարանոց ցոյց:

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբէն կը յայտնեն, որ Արցախի անկախութեան սատար կանգնած եւ Արցախի «հայկական հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ միացեալ յարձակումը» դատապարտած է Աւստրալիոյ հրէական համայնքը: Վերջինիս գործադիր խորհուրդին տարածած յայտարարութեան մէջ ի թիւս այլոց նշուած է. «1991-ին իր ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութեան քուէարկութենէ ետք Արցախը յայտարարեց իր անկախութիւնը: Այն ժամանակ, երբ Արցախը հասաւ անկախութեան, այդ իրաւունքը բռնութեամբ վիճարկուեցաւ Ազրպէյճանին կողմէ իր վրայ զինուորական յարձակման միջոցով: Արցախը յանուն անկախութեան իր պայքարը յաղթեց, եւ այդ ժամանակէն ի վեր եղած է կայուն ու յաջողակ ժողովրդավարական պետութիւն»:

 

Նախորդը

Հանդիպում Յունաստանի Նախկին Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասին Հետ

Յաջորդը

Խօսելով Մնացականեանի Սպասուող Այցելութեան Մասին. «Մնացականեան Եւ Լաւրով Պիտի Քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Իրավիճակը» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.