Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախին Զօրակցող Լիբանանեան Կեցուածքները Կը Շարունակուին

October 7, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախին, Հայաստանին եւ հայութեան զօրակցող լիբանանեան կեցուածքներուն ծիրին մէջ, լիբանանցի լրագրող Ռիքարտօ Քարամ դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Հայկական պատերազմը հողի եւ աշխարհագրական սահմաններու պարզ պատերազմ չէ, անիկա պատումներու  դէմ պատերազմ է, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը շարադրուին  ու բազմիցս շեղումի եւ փոփոխութեան կ՛ենթարկուին` յարմարելու համար կանխամտածուած ծրագիրներու: Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի ծառերը, գետերն ու հողը կարենան խօսիլ, արդեօք ի՞նչ լեզուով  պիտի արտայայտուին եւ ի՞նչ պիտի պատմեն արծիւներն ու նռնենիները: Ես իրապէս կը լսեմ անոնց փսփսուքը աշխարհասփիւռ ժողովուրդի մը մասին, որ տարածուած է դարերու ընթացքին ցամաքամասերու միջեւ, տարուած ու կլանուած` մայր հայրենիքի սիրով ու աւարտին երջանիկ պատմութեան մը կարօտով»:

«Այսօր կը կանգնիմ հայ ժողովուրդին եւ անոր պատմութեան ու պայքարին կողքին: Կը մաղթեմ, որ լսելի դառնայ անոնց ձայնը, որ միշտ միահամուռ կերպով կը բարձրանայ»:

Երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հետեւեալ կարծիքը արտայայտած է Լիբանանի Հայ դատի մարմինի դիմատետրի էջին վրայ. «Այս տեսագրութեամբ կու գամ դատապարտելու Ազրպէյճանի գործադրած վայրագ յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ: Միաժամանակ կ՛ողջունեմ դիմադրող, տոկացող ու իր հողը պաշտպանող հայ ժողովուրդը: Բնականաբար ես դէմ եմ պատերազմի, ոճիրներու եւ աւերի,  սակայն երբ մէկը կը յարձակի ժողովուրդի մը  արժանապատուութեան, հողին ու հայրենիքին վրայ, չենք կրնար զօրավիգ չկանգնիլ անոր: Կը մաղթեմ, որ հարցերը շուտափոյթ կերպով կը լուծուին երկխօսութեան ճամբով: Կը կրկնեմ` կասկած չունիմ, որ դէպքերու շարունակման պարագային Ազրպէյճանի յարձակումը ձախողութեան պիտի մատնուի: Բոլորս ձեր կողքին ենք, Աստուած ձեզ պահապան:

«Ուաատ» կուսակցութեան նախագահ Ճօ Հոպէյքա գրած է. «Արցախի մէջ շարունակուղ պայքարը ցաւալի է, կը մաղթենք, որ շուտափոյթ լուծում կը գտնուի ու վերջ կը տրուի այս տագնապին, ուր հրթիռարձակումէ, սպանութենէ եւ վրէժխնդրութենէ կը տառապի հայ ժողովուրդը, որ կը կազմէ այդ շրջանի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Մենք եւս Լիբանանի մէջ պատմութեան ընթացքին տառապեցանք ցաւալի դէպքերէ եւ քաջ կը գիտակցինք պատերազմներու եւ տագնապներու հետեւանքներուն»:

 

 

Նախորդը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Տեղեկատու Գրասենեակին` Լիբանանեան Լրագրողական Խումբեր Կը Գործուղուին Արցախ

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Դատապարտեց Արցախի Պատերազմը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.