Վարանդ Փափազեանի մահուան առիթով`
Տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Փաթիլ Խտըրլարեան 200.000 լ. ո.
————————————-
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ`
ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ
ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ ՇԱՐԺԱԿՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ
(2020 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱԿԻ ԱՄՓԵՐԻ ՍՊԱՌՄԱՆ ՍԱԿԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ)
Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած 2020 օգոստոս ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 582 լ. ոսկի սակին վրայ եւ տրուած ըլլալով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ելեկտրածին շարժակի հոսանքը Պուրճ Համուտի մէջ հայթայթուեցաւ երկու անջատ շրջաններու ժամանակացոյցով` հետեւաբար,
Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2020 սեպտեմբեր ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակերը գանձել հետեւեալ ձեւով.-
Առաջին/ Պուրճ Համուտ քաղաքի առաջին շրջան (սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ելեկտրածին շարժակի հոսանքի 150 ժամուան սպառում արձանագրուեցաւ).-
* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 17 հազար լ. ո. (տասնեօթ հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 51 հազար լ. ո. (յիսունմէկ հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 85 հազար լ. ո. (ութսունհինգ հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10®) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
Երկրորդ / Պուրճ Համուտ քաղաքի երկրորդ շրջան (սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ելեկտրածին շարժակի հոսանքի 400 ժամուան սպառում արձանագրուեցաւ).-
* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 31 հազար լ. ո. (երեսունմէկ հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 93 հազար լ. ո. (իննսուներեք հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 155 հազար լ. ո. (հարիւր յիսունհինգ հազար լ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10®) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէր, որ կ՛անտեսէ քաղաքապետութեան այս որոշումը եւ բաժանորդ քաղաքացիները կը զրկէ ելեկտրականութենէ, պիտի ստիպէ, որ քաղաքապետութիւնը գրաւէ իր շարժակը եւ ինք ստանձնէ զայն բանեցնելու ու ելեկտրականութիւն հայթայթելու աշխատանքը` մինչեւ տագնապին եւ ընդհանուր զօրաշարժի աւարտը:
) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային:
Ծանօթ.-
Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.-
5 ամփեր` 20 հազար լ. ոսկի: 10 ամփեր` 30 հազար լ. ոսկի: 15 ամփեր` 40 հազար լ. ոսկի: 15 ամփերէն վեր` 5000 լ. ոսկի` իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Vresso հաստատութիւնը Իրաքի իր գրասենեակին համար կարիքը ունի հաստատութեան ներկայացուցիչի մը, որ փորձառութիւն ունենայ գրասենեկային աշխատանքներու եւ վաճառքի մարզին մէջ: Կը խնդրուի «Սի.Վի.»-ն ղրկել`
————————————-
ԱՖՀԻԼ
ԻՐԵՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՍՆՏՈՒԿ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող աննախընթաց տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամին, այս տարի եւս 2020-2021 կրթական տարեշրջանին համար պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու կրթանպաստ:
Դիմումնագիրները կարելի է ամբողջացնել ԱՖՀԻԼ-ի կայքէջէն` www.afhil.com «University Fund» բաժանմունքէն, մինչեւ 10 նոյեմբեր 2020:
Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել:
ԱՖՀԻԼ
ԻՐԵՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՍՆՏՈՒԿ
————————————-
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի 2020-2021 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան 8 եւ 9 հոկտեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Ա. BT դասարան իր բաժանումներով:
Բ. TS դասարան իր բաժանումներով:
Գ. LT դասարան:
Նորեկ աշակերտներ պարտին իրենց հետ ունենալ`
- Երկու լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Նախկին դպրոցի հաստատագիր (վաւերացուած` կրթութեան նախարարութեան կողմէ):
* ՎԵՐԱՄՈՒՏ
– 16 հոկտեմբեր 2020, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00: Ծանօթացում ուսուցիչներու եւ ծրագիրներու:
– 23 հոկտեմբեր 2020, դասաւանդութեան սկիզբ:
* Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
04/410001 կամ 03/627986:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ