ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ինչպէս տեսանք 14 մայիս 2020-ին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած «Քորոնա» ժահրի մարտահրաւէրի դիմակայում. Յառաջդիմականներու եւ պահպանողականներու մօտեցումներու բաղդատական» խորագիրով յօդուածին մէջ, Նոր Զելանտան, դիմագրաւելու համար «Քորոնա» ժահրի համավարակին մարտահրաւէրը, որդեգրեց խթանիչ փաթեթ, յատկացնելով 500 միլիոն նորզելանտական տոլար (304.149.940 միլիոն ամերիկեան տոլար)` ներդրում կատարեց առողջապահական մարզին մէջ, 126 միլիոն նորզելանտական տոլար (մօտաւորապէս 76.645.784 միլիոն ամերիկեան տոլար) ապահովեց վճարովի արձակուրդներուն համար, 2,8 միլիառ նորզելանտական տոլար (1.703.239.664 միլիառ ամերիկեան տոլար) յատկացուց կարիքաւոր ընտանիքներուն, 6,25 միլիառ նորզելանտական տոլար (3.801.874.250 միլիառ ամերիկեան տոլար) ապահովեց միջին ու փոքր ձեռնարկութիւններուն, 27 միլիոն նորզելանտական տոլար (մօտաւորապէս 16.424.096 միլիոն ամերիկեան տոլար) ապահովեց ընկերային ծառայութիւն մատուցող կեդրոններուն:
Նոր Զելանտան 2017 թուականէն ի վեր կառավարուած է կեդրոն-ձախ Աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ` Ճեսինտա Արտըրնի ղեկավարութեամբ: 37-ամեայ կինը քաղաքական գործիչը դարձաւ աշխարհի մէջ իգական սեռին պատկանող ամէնէն երիտասարդ կառավարիչը` Նոր Զելանտայի երրորդ կին վարչապետը դառնալով Ժենի Շիփլիէն ու Հելլեն Քլարքէն (ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) ղեկավար) ետք, եւ Աշխատաւորական կուսակցութեան իգական սեռին պատկանող երկրորդ ղեկավարը` Նոր Զելանտայի նախկին կին վարչապետ Հելլեն Քլարքէն ետք: Նոր Զելանտան, իր խթանիչ փաթեթային ծախսերով, կրցաւ դիմագրաւել «Քորոնա» ժահրի համավարակին մարտահրաւէրները եւ փրկել Նոր Զելանտան` անգործութեան, աղքատութեան ու տնտեսական ընկրկումի երեւոյթներէն:
Արտըրնի կառավարութեան որդեգրած խթանիչ փաթեթի քաղաքականութիւնը դրական նկատուեցաւ ու գովասանք ստացաւ միջազգային ընտանիքին եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Նոր Զելանտան, որ արդէն ցած պարտքով եւ բարձր համախառն ներքին արդիւնքով թեւակոխեց «Քորոնա»-ի համավարակին փուլը, բաղդատելով միւս զարգացած պետութիւններուն հետ, Արտըրնի խթանիչ փաթեթի քաղաքականութեան միջոցով ամբողջապէս փրկեց իր տնտեսութիւնը, բարձրացուց Աշխատաւորական կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը ընկերաբանական հարցախոյզներուն մէջ եւ ստիպեց ընդդիմադիր կեդրոն-աջ կուսակցութեան ղեկավարներէն երկուքին յաջորդաբար հրաժարելու:
Յետքորոնա Պիւտճէն` Տնտեսական Վերականգնման Հիմնաքար
14 մայիս 2020-ին, նորզելանտական կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Ճեսինտա Արտըրնին եւ ելեւմուտքի նախարար Կրենթ Ռոպըրթսընին, որդեգրեց 2020-ի պիւտճէն` «Բարօրութեան պիւտճէ» անունով: Պիւտճէ մը, որ նկատի առաւ «Քորոնա»-ի համավարակին սկսելէն ետք երկրին դիմագրաւած առողջապահական, ընկերային, կրթական, ճարտարարուեստի, մշակութային եւ արուեստի մարտահրաւէրները:
«Քորոնա» ժահրի համավարակը ամբողջ աշխարհին զգացուց, որ պէտք է առաջնահերթ նկատել առողջապահութեան բնագաւառը: Հետեւաբար, նկատի առնելով հետագային արձանագրուելիք որեւէ անակնկալ առողջապահական ճգնաժամ եւ դիմագրաւելու համար «Քորոնա»-ի համավարակին պատճառով ստեղծուած առողջապահական իրավիճակը, կառավարութիւնը իր պիւտճէական ծախսերուն մեծամասնութիւնը ներդրեց առողջապահական մարզին մէջ` 5,6 միլիառ նորզելանտական տոլար (3.655.680.000 միլիառ ամերիկեան տոլար) տրամադրելով շրջաններու առողջապահական խորհուրդներուն, դեղորայքի արդիւնաբերութեան, հաշմանդամներու խնամքին, կիներու առողջապահական ծառայութիւններուն, հիւանդանոցներու եւ առողջապահական կեդրոններու ենթակառուցուածքի նորոգման եւ արդիականացման:
Նկատի առնելով, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակի տարածումին պատճառած` գործունէութիւններու ընդհանուր կանգ առնելուն իբրեւ հետեւանք աճած է ընտանեկան բռնութիւնը կիներուն նկատմամբ եւ շրջաններուն մէջ ձեռնարկութիւններու սնանկացման վտանգ կայ, հետեւաբար կառավարութիւնը տրամադրեց 665,3 միլիոն նորզելանտական տոլար (440,154 միլիոն ամերիկեան տոլար)` ընկերային ծառայութիւններուն մէջ ներառելով տնային բռնութեան դէմ պայքարը, գիւղերու մէջ պետական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ ծառայութիւններու մատչելիութեան պահպանումը:
Նոր Զելանտան «Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան» (OECD) մէջ բարձր ցուցանիշներ ունեցող պետութիւններէն մէկն է: Հետեւաբար, նկատի առնելով այս կէտը եւ նպատակ ունենալով պահել Նոր Զելանտայի կրթական համակարգին բարձր ցուցանիշները, ինչպէս նաեւ հիմք ունենալով աշակերտութիւնը ձերբազատել աղքատութենէն եւ քաջալերել փախստական ու գաղթական աշակերտները, կառավարութիւնը ներդրեց 813,6 միլիոն նորզելանտական տոլար (539,06 միլիոն ամերիկեան տոլար)` ներառելով նախնական կրթութիւնը, համալսարանները, արուեստից եւ արհեստագիտական դպրոցները, անգլերէն դասաւանդելու դպրոցները, ուսուցիչներու աշխատավարձի բարձրացումը:
Համաշխարհային մակարդակի վրայ, ճարտարարուեստի հատուածը մեծ վնաս կրեց առողջապահական մեկուսացումի դրութենէն` արտադրութեան եւ առեւտրական աշխատանքներուն ժամանակաւոր կանգնեցումին պատճառով: Աշխարհով մէկ արդէն իսկ յետքորոնայի տնտեսական վերականգնումը կը նախատեսենք. Նոր Զելանտան իր կարգին 443,7 միլիոն նոր զելանտական տոլար (298,89 միլիոն ամերիկեան տոլար) յատկացուց գիւղատնտեսական ճարտարարուեստի, ձկնորսութեան եւ անտառամշակումի ճիւղերուն:
Ի վերջոյ այսօրուան աշխարհի հիմնական սիւները կը կազմեն ցանցերը: Նոր Զելանտայի կառավարութիւնը, յատկացնելով 246,8 միլիոն նորզելանտական տոլար (166,25 միլիոն ամերիկեան տոլար) մշակութային եւ արուեստի մարզերուն, կապած կ՛ըլլայ թէ՛ Նոր Զելանտայի աւանդական բնիկ մաուրի եւ գաղթականներու բազմամշակոյթ էութիւնը եւ թէ՛ ալ արդի լսատեսողական ճարտարարուեստը` անոր մէջ ներառելով լրատուամիջոցները, վաւերագրութիւնները, ժապաւէնները, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանները, նշաններու լեզուն եւ տեղեկատուական արուեստագիտութիւնը:
Եզրակացութիւն
Նոր Զելանտայի կեդրոն-ձախ Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջադրած թէ՛ խթանիչ փաթեթի քաղաքականութենէն եւ թէ՛ ալ 2020-ի պիւտճէէն կ՛եզրակացնենք հետեւեալ կէտերը.
Ա.- Նոր Զելանտայի Աշխատաւորական կուսակցութիւնը, դաւանելով ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարախօսութիւնը, փաստեց, որ տակաւին ճգնաժամերու ընթացքին ընկերվար-ժողովրդավարները կրնան լուծումներ գտնել եւ միջազգայնօրէն տիպար օրինակ դառնալ:
Բ.- Քէյնզականութիւնը (անգլիացի տնտեսագէտ Ճոն Մայնըրտ Քէյնզի տնտեսական տեսութիւնը), որ հիմնուած է շուկայի հսկողութեան եւ պետութեան միջամտութեան վրայ, ո՛չ միայն առկայ է, այլ նաեւ գործադրելի է` փրկելու համար տնտեսութիւնները շուկայի ձախողութիւններէն ու զանազան ճգնաժամերէ: Մենք այս իրականութեան ականատես դարձանք «Քորոնա»-ի համավարակին պարտադրած առողջապահական մեկուսացումի ժամանակաշրջանին կառավարութիւններուն որդեգրած խթանիչ փաթեթի քաղաքականութիւններէն:
Գ.- Աշխատաւորականները վերանորոգեցին իրենք զիրենք նոր նիւթեր (աւանդական նիւթերուն կողքին) նկատի ունենալով իբրեւ առաջնահերթութիւն, ինչպէս` ընտանեկան բռնութեան դիմագրաւումը, հաշմանդամներուն կարելիութիւններու մատուցումը, բնապահպանութիւնն ու տեղեկատուական արուեստագիտութիւնը: