Երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ ղպտի համայնքի առաջնորդ հայր Դիմոնը:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ հայր սուրբը ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թէոդորոս պապին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին: Այս առիթով, ան նաեւ բացատրութիւններ ու տեղեկութիւններ տուաւ վեհափառ հայրապետին` Լիբանանի մէջ ղպտի համայնքին մասին: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Թէոդորոս պապին եւ հայր սուրբին յաջողութիւն մաղթեց իր նոր առաքելութեան մէջ:
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ հայր սուրբը Թէոդորոս պապին կողմէ սրբապատկեր-յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին, իսկ վեհափառ հայրապետը` հայկական խաչ:
Յայտնենք, որ նոր առաջնորդը ծանօթ է միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ լայն գործունէութիւն ունեցած է: