ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարիժան Զուլիքեան եւ զաւակը` Ճօ
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Ժուլիէթ Աբգարեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Ռիթա Եթերեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Քաթրին Զուլիքեան եւ ընտանիք
Տիար Տանիէլ Զուլիքեան
Զուլիքեան եւ Աբգարեան ընտանիքներ
Եթերեան եւ Ումուտեան ընտանիքներ
Պոզեան եւ Շահպազեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՍԱՐԳԻՍ ԶՈՒԼԻՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1942-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2020-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Ցաւակցութիւններու համար` Ճօ Զուլիքեան 03-586899 – Ժուլիէթ Աբգարեան 03/264101- Ռիթա Եթերեան 71/664098:
————————————-
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 3 հոկտեմբեր 2020-ին:
100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԲԱՑՈՒՄ
Տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2020-ին, յաւարտ Ս. պատարագի եւ մատաղօրհնէքի:
– Նկատի առնելով երկրի ներկայ կացութիւնը` խորհրդանշական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շատ սահմանափակ ներկայութեամբ:
Այս տարի շրջուն հանգանակութիւն տեղի պիտի չունենայ, հետեւաբար, այն հայրենակիցները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար կամ նուիրատուութիւն կատարել, կրնան փոխանցել Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, նաեւ` Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատունը:
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ