Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէս Ժամանակդ Անցընել, Երբ Ստիպուած Ես Տունէն Դուրս Չելլել…

Սեպտեմբեր 5, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՛ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մեզմէ շատեր այս հարցին առջեւ գտնուեցան այս վերջին ամիսներուն, երբ «Քովիտ-19» ժահրին պատճառով ստիպուած տունը մնացինք եւ առիթը չունեցանք դուրս ելլելու ու օգտուելու մեր ամառնային արձակուրդներէն:

Սակայն շատերու համար ասիկա առիթ մը եղաւ դիմելու իրենց ստեղծագործական մտածողութեան` գտնելու համար լուծումներ չձանձրանալու եւ հաճելի ժամանակներ անցընելու:

***

Գետնին Վրայ Կաւիճով Գծագրութիւններ`
Արտասովոր «Ճամբորդութիւններու» Համար

Ամերիկայի Իլինոյ նահանգին մէջ, ուրիշ աշակերտներու նման, 14 տարեկան Մաքեր եւ անոր 9 տարեկան եղբայրը` Քամտըն, երկար ժամանակ զրկուած մնացին դպրոցէ, ընկերներ տեսնելէ, մարզանք ընելէ` իրենց ժամանակը հաճելի ձեւով անցընելու համար:

Ձանձրոյթին դէմ պայքարելու համար, ամերիկացի քոյրն ու եղբայրը յղացան գաղափար մը` քիչ մը ուրախութիւն մտցնելու ո՛չ միայն իրենց, այլ նաեւ իրենց դրացիներուն կեանքին մէջ: «Մեկուսացում»-ի առաջին օրէն, Մաքեր սկսաւ իրենց տան առջեւի մայթին վրայ կաւիճով գծել ստեղծագործ «տեսարաններ» եւ եղբօրմէն խնդրեց անոնց մէջ ինքզինքը զետեղել հաճելի կերպով:  Այս ձեւով անոնք կարելիութիւնը ունեցան առանց իրենց տեղէն շարժելու կամ ժամանակ անցընելու «ճամբորդելու» աշխարհի չորս կողմը…

***

Հնդկաստանէն Մինչեւ Փարիզ

Մինչ այդ Տուպայի մէջ փոքրիկ հնդիկ մանչ մը ուրիշ «ճամբորդութիւն» մը կը կատարէր` «կառուցելով» Էյֆել աշտարակ մը… լուցկիներով:

Ինչպէս աշխարհի չորս կողմերը բնակող մեծ թիւով աշակերտներ, նոյնպէս եօթը տարեկան Վիանն ալ ստիպուեցաւ մարտ ամիսէն մնալ տունը եւ դասերուն հետեւիլ համացանցին միջոցով: Հետեւաբար, անոր հայրը զինք հեռու պահելու համար պատկերասփիւռէն եւ տարբեր վիտէօ խաղերէն, անոր առաջարկեց Էյֆելի աշատարակէն օրինակ մը լուցկիներով շինել: Այս գաղափարը շատ խանդավառեց Վիան:

Վիան գործի լծուեցաւ իր ծնողքին հետ` իրարու փակցնելով 2750 լուցկիներ եւ իրարու միացնելու աշտարակին տարբեր բաժինները: Աշխատանքը կարօտեցաւ 95 ժամի: Վիանի հայրը թափանցիկ թուղթերու վրայ գծեց աշտարակին տարբեր բաժինները, մինչ անոր մայրը իր օգնութիւնը բերաւ փակցնելու ընթացքին: Այս ձեւով, երկու շաբթուան վրայ, օրական մօտաւորապէս վեց ժամ աշխատանքէ ետք, 95 սմ հասակով լուցկիէ աշտարակը վերջապէս կազմուեցաւ:

Այժմ, Վիան պատրաստ է իրականացնելու իր յաջորդ կառոյցը` Տուպայի ամէնէն բարձր աշտարակին` Պուրժ Խալիֆայի օրինակը:

100 Օրուան Ծրագիրը

Բրուտագործի մը համար կաւէ գաւաթներ շինելը շատ պարզ եւ կրկնուող աշխատանք մըն է: Սակայն երբ բրուտագործ արուեստագէտ մը ինքն իրեն իբրեւ մարտահրաւէր կը կարդայ 100 օրուան ընթացքին 100 տարբեր գաւաթներ շինել, հարցը շատ աւելի հետաքրքրական կը դառնայ:

***

Այս մարտահրաւէրն է, որ ինքն իրեն ուղղած է ընկերային ցանցերուն վրայ Լոլլի Լոլլի Սերամիքս անունով ճանչցուած արուեստագիտուհին: Ծրագիրը շատ պարզ է: Ճիշդ է, որ գաւաթի մը ձեւը ինքնին շատ հասարակ է, հետեւաբար 100 տարբերակներ ստեղծելու համար պէտք էր մեծ երեւակայութիւն աշխատցնել, որպէսզի այդ առարկան ամէն օր տարբեր առարկայի մը տպաւորութիւնը տար:

Այս ձեւով, պահելով հիմնական ձեւը, Լոլլի Լոլլի Սերամիքս աշխատած է անոր կոթին վրայ` անոր տալով իւրայատուկ ձեւ մը, երբեմն անիմաստ կամ նոյնիսկ անգործածելի:

***

Իսկ դուն երբեւէ նման մարտահրաւէր մը ուղղա՞ծ ես դուն քեզի: Այլապէս, կրնաս այս արտասովոր տարուան ամառնային արձակուրդին վերջին շաբաթները օգտագործելով փորձել օրական նոր բան մը ստեղծել շուրջդ գտնուող տարբեր առարկաներով` մինչեւ դպրոցի վերամուտին օրը:

Կը Սիրե՞ս «Անիմէներ» Դիտել

Հաւանաբար քեզի ծանօթ են «Քիքի փոքրիկ կախարդը», «Փոնիօ» կամ «Երկնքին մէջի դղեակը» ճափոնական «անիմէ» շարժապատկերները: Աշխարհի շուրջ շատ են այսպիսի շարժապատկերներու սիրահարները: Ճափոնական այն «անիմէները» ճանչցուած են իրենց իւրայատուկ ոճով, սակայն յատկապէս անոնց երեւակայական եւ բանաստեղծական մթնոլորտով:

2001 թուականին հիմնուած է Կիպլի թանգարանը Ճափոնի Թոքիօ մայրաքաղաքին մէջ: «Սթիւտիօ Կիպլի» աշխատանոցը հիմնուած է 1985-ին` Հայաօ Միազաքիի եւ Իսաօ Թաքահաթայի կողմէ: Հոն է, որ կը պատրաստուին այդ նշանաւոր «անիմէները»: Հետեւաբար աշխատանոցի յատուկ այս թանգարանին մէջ այցելուները մօտէն կրնան ծանօթանալ այդ շարժապատկերներուն պատրաստութեան ընթացքին, մօտէն տեսնել անոնց մէջ երեւցող առարկաները, ապրիլ անոնց կախարդական մթնոլորտը: Ցուցադրուած են բազմաթիւ ուսումնասիրական գծագրութիւններ, նոթեր, նկարչութիւններ, շարժապատկերներու պատրաստութեան յատկացուած վաւերագրական ժապաւէններ…

Բնական պայմաններու մէջ, այս թանգարանին մէջ նկարելը արգիլուած է: Սակայն այժմ, նոյնիսկ հեռուէն, այս վայրերը այցելելը մեզի համար կարելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ «Քովիտ-19»-ի համաճարակին պատճառով գոց թանգարանը ամէն շաբաթ փոքրիկ «վիրթուալ» այցելութիւն մը մեզի կ՛առաջարկէ համացանցին վրայ անոր տարբեր սրահներուն մէջ:

Հետեւաբար, այժմ աշխարհի չորս կողմերէն «անիմէներու» սիրահարներ պիտի կարենան  վերջապէս իրենք ալ վայելել Միազաքիի եւ անոր գործակիցներուն աշխարհը:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել փշածառին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու փշածառերը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակ գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար` 21+31=52:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Սպառնալէ Դադրի, Որպէսզի Կարելի Ըլլայ Լարուածութեան Մեղմացման Համար Հաղորդակցութիւններուն Սկսիլ» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Յաջորդը

Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?