Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Դանիան ճանչցուած է իբրեւ երջանկութեան ախոյեան երկիրներէն մէկը: Ըստ ՄԱԿ-ի Աշխարհի երջանկութեան տեղեկագիրին, որ կը տպուի ամէն տարի` 2012 թուականէն ի վեր, 5,8 միլիոն բնակիչ ունեցող սկանտինաւեան այս փոքրիկ թագաւորութիւնը երկու տարիէ ի վեր երկրորդ դիրքը կը գրաւէ աշխարհի ամէնէն երջանիկ երկիրներու ցանկին մէջ, Ֆինլանտայէն ետք:
Հետեւաբար, բնաական է, որ հոն հիմնուի չափազանց ուրախ ըլլալու այս վիճակին յատուկ վայր մը` Երջանկութեան թանգարանը: Քոփենհակըն մայրաքաղաքին կեդրոնը, փոքրիկ թաղի մը մէջ, այդ թանգարանը իր դռները բացաւ այս ամառ` այցելուները հրաւիրելով ծանօթանալու երջանկութեան գաղտնիքներուն:
240 քառակուսի մեթր տարածութեամբ թանգարանը կրնայ ընդունիլ միաժամանակ միայն 25 այցելու` «Քովիտ-19» ժահրին դէմ պայքարին պատճառով: Անոր տարբեր սրահներուն ճերմակ պատերուն վրայ գունաւոր տախտակներ կը խօսին դարերու ընթացին երջանկութեան պատմութեան մասին, կը վերլուծեն ժպիտը եւ անոր տարբեր երանգները… Ցուցադրուած են նաեւ աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած փոքրիկ առարկաներ, որոնք երջանկութեան նշաններ են իրենց տէրերուն համար:
Ցուցադրութեան կողքին, այցելուները հրաւիրուած են նաեւ մասնակցելու կարճ փորձերու, որոնք կ՛ընդգրկեն լոյս եւ տուրմ, ինչպէս նաեւ մտային փորձեր: Այցելուներուն կ՛առաջարկուի նաեւ փոքրիկ «փոսթ իթ» թուղթի մը վրայ գրել երջանկութեան իրենց անձնական գաղափարը: Այս ձեւով, պրազիլցի կին մը կը նկարագրէ այն երջանկութիւնը, որ ինք զգացած է, երբ իր տղան իր փոքրիկ տարիքին գծած է սրտիկ մը` իրեն ըսելու համար, թէ որքա՛ն զինք կը սիրէ: Այո՛, երջանկութիւնը պարզ բաներու մէջ կրնայ գտնուիլ: Թանգարանին նպատակն է մարդոց ներշնչել աւելի երջանիկ ըլլալու եւ այս ձեւով ամբողջ աշխարհը աւելի լաւ վայրի մը վերածելու գաղափարը: Այցելութեան վերջաւորութեան, իւրաքանչիւր այցելու կը ստանայ իր անձնական «Երջանկութեան դեսպանի» վկայագիրը:
Դանիացի կնոջ մը համար, երջանկութիւնը իր սիրած անձերուն մօտ ըլլալն է: Իսկ քու պարագայիդ, ի՞նչ պիտի դնես քու «Երջանկութեան դեսպան»-ի վկայագիրիդ վրայ:
Մայթերու Արուեստագէտը
Էմէմէմ ծածկանունով ճանչցուած ֆրանսացի արուեստագէտը սկիզբը հետաքրքրուած էր գեղանկարչութեամբ եւ խճանկարներով:
Սակայն օր մը, երբ ան կ՛ապրէր Լիոն քաղաքին մէջ, ան կը մտադրէ նորոգել իր աշխատանոցին մուտքին գտնուող մայթը:
Քանի մը տարի ետք, 1 փետրուար 2016-ին, երբ ան մայթի մը ծակին լճացած սառած ջուրին վրայ կ՛իյնայ, կը յղանայ գաղափարը մայթին այդ «վէրքը» «դարմանելու» գեղարուեստական ձեւով: Այս ձեւով կը ծնի «Ֆլաքինկ»-ը, որ «սթրիթ արթ»-ի` փողոցի արուեստի յատուկ ձեւ մըն է: Ան եկած է ֆրանսերէն «ֆլաք» բառէն, որ կը նշանակէ «լճացած ջուր»:
Այդ օրուընէ սկսեալ, անպէտք յախճապակիներու հաւաքուած կտորները առնելով, Էմէմէմ իր շարժանիւով գիշերները կը շրջի քաղաքին մէջ` գունաւոր յախճապակիներով ծածկելու մայթերուն եւ պատերուն ծակերը: Ան նաեւ իր շարժանիւին է, որ կը պարտի իր ծածկանունը. գիշերուան մէջ անոր մեքենային ձայնը ներշնչած է արուեստագէտին, որ ուզելով անծանօթ մնալ, որդեգրած է այս ծածկանունը:
Այս ձեւով, այդ թուականէն սկսեալ, Էմէմէմ կը շարունակէ դարմանել քաղաքներուն ցաւերը` զանոնք զարդարելով եւ անոնց հայթայթելով զուարթ ու տարաշխարհիկ ոճ մը: Որպէսզի անձրեւին ջուրը չլեցնէ ճամբաներուն ծակերը եւ անցորդներուն իյնալուն պատճառ չդառնայ, արուեստագէտը մայթերը վերածած է իսկական թանգարաններու: Ան նոյնիսկ անոնց կու տայ վերնագիրեր եւ յատուկ պատմութիւն` «Փոքր ճամբու համանուագ», «Կուպրի Կիրպաս», «Փոքրիկ Արլըքեն»…
Ճիշդ է, որ անոր գործերը վաղանցուկ են եւ երբեմն կ՛անհետանան ժամանակի ընթացքին, ինչպէս «սթրիթ արթ»-ի ուրիշ գործեր, սակայն ասիկա զայն չի նեղացներ, այլ խաղին օրէնքներուն մաս կը կազմէ: Էմէմէմ իր գործողութիւնները չէ սահմանափակած Լիոն քաղաքին մէջ. մենք կրնանք իր այս իւրայատուկ գործերը գտնել նաեւ Փարիզի, Մատրիտի կամ Միլանոյի մայթերուն վրայ:
Լիբանանի մեր քաղաքներուն մայթերն ալ բաւական «վէրքեր» ունին. դուն ինչպէ՞ս «պիտի դարմանէիր» այդ ցաւերը: Եթէ առիթը ունենաս նկարելու շուրջդ գտնուող նման մանրամասնութիւններ, փորձէ՛ զանոնք տպել, ապա ընտրելով քու նախասիրած «գործիքներդ»` գունաւոր ներկեր, թուղթեր, խէժ, մկրատ, վրձին, նորոգէ՛ եւ բարելաւէ՛ զանոնք քու անձնական ոճովդ:
Ժամանց