Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին կեդրոնատեղիին մէջ (Պաապտա) տեղի ունեցած յատուկ նիստի մը ընթացքին, որոշուեցաւ նիւթական կոկիկ գումար մը (եօթը հազար ամերիկեան տոլար) յատկացնել ժիւտօ խաղացող Էլիաս Նասիֆի, որպէսզի լաւապէս պատրաստուի Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի խաղերուն, որոնք սակայն տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի՝ 2021-ին:
Այս նիստին ներկայ էին՝ Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ՝ Ժան Համմամ, Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի փոխնախագահ եւ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին նախագահ՝ Ֆրանսուա Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար՝ Հասսան Ռըսթոմ եւ անդամ՝ Ռեմոն Սուքքար:
Համմամ յոյս յայտնեց, որ Նասիֆ լաւապէս պատրաստուելով ողիմպիականի խաղերուն, կը յաջողի բարձր պահել Լիբանանի անունը, անոր համար ապահովելով մետալ մը: