Երէկ՝ երեքշաբթի, ազդանշանը տրուեցաւ «Չեմփիընզ –Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2020-2021 տարեշրջանին, երբ զտումի Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուեցան շարք մը մրցումներ: Այաօրուան յայտագիրին վրայ կան տասը ճակատումներ:
Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ, Հայաստանի ախոյեան՝ Արարատ Արմենիա, որ իր դէմ պիտի ունենայ կիպրական Օմոնիա Նիկոսիան:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, պիտի սկսի՝ ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին նշանակուած իրաւարարները պիտի ըլլան Ռումանիայէն:
Նշենք, որ վերոնշեալ կազմակերպութեան որոշումով, մրցումները պիտի չկատարուին երթուդարձի դրութեամբ, այլ մէկ մրցումով, որուն արդիւնքին լոյսին տակ, յաղթականը ուղղակիօրէն պիտի ապահովէ զտումի Բ. հանգրուանին իր տոմսը: