Վաղը՝ Լիոն-Պայէրն Միւնիխ
Փորթուգալեան Լիզպոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է կիսաւարտական հանգրուան, բնականաբար երբ նախորդ շաբաթավերջին ամբողջացան քառորդ աւարտականի մրցումները:
Կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, այսօր, Լայփցիկ կը մրցի Փարիզ Սեն Ժերմէնի դէմ, մինչ վաղը, Լիոն՝ Պայէրն Միւնիխի դէմ: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս նկատելի է, երկու մրցումներն ալ պիտի ըլլան՝ ֆրանսական-գերմանական պայքար՝ հասնելու համար աւարտականին:
Նշենք, որ մրցաշարքին պատմութեան մէջ, 1990-1991 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, Անգլիա, Սպանիա եւ Իտալիա ներկայացուցիչ չունին:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն գծով, Պարսելոնա բաւական ամօթալի պարտութիւն մը կրեց (8-2 արդիւնքով), երբ խայտառակ եղաւ Գերմանիոյ ախոյեան՝ Պայէրն Միւնիխի դէմ իր կատարած մրցումին ընթացքին: Թոմաս Միւլըր եւ Ֆիլիփ Քութինիօ նշանակեցին երկուքական կոլ:
Ինչ կը վերաբերի քառորդ աւարտականի վերջին մրցումին, Լիոն անակնկալ մը ստեղծեց, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի դէմ: Մուսա Տեմպելէ նշանակեց երկու կոլ: