Քաթալոնիական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց ըսելով, որ գլխաւոր մարզիչ՝ Քիքէ Սեթիէն պաշտօնանակ եղաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Սպանական մամուլին համաձայն,անոր հետ միասին, խումբէն հեռացաւ նաեւ թեքնիք տնօրէն՝ Էրիք Ապիտալ:
Կը խօսուին շարք մը անուններու մասին, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ անոր յաջորդը: Թեկնածուներուն կարգին են՝ Մաուրիցիօ Փոքեթինի, Ռոնալտ Քէօման եւ Չաւի Հերնանտես:
Ըստ «ESPN»-ի, Քէօման նախորդ շաբաթավերջին կը գտնուէր Պարսելոնա, փորձելով համաձայնութիւն մը կնքել քաթալոնիական ակումբին հետ:
Սպանական «Esporte Interativo» պարբերաթերթին համաձայն, արժանթինցի միջազգային յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսի, ակումբին ղեկավարութեան յայտնած է, թէ կը փափաքի լքել իր կազմը: Ըստ Մեսսիի, ակումբին հեռանկարները այդքան ալ փայլուն չեն թուիր ըլլալ:
Ան Պարսելոնայի հետ,724 մրցումի ընթացքին նշանակած է՝ 630 կոլ: