Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին 21 տարեկան միջնապահ՝ Վահան Բիչախչեան, որ մաս կը կազմէ սլովաքիական Զիլինա խումբին, նախորդ շաբաթավերջին դարձեալ դարձաւ կոլի հեղինակ, յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով:
Արդարեւ, անոր կազմը, Սլովաքիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թրենսինի դաշտին վրայ:
Վահան Բիչախչեան, որ դաշտ ներկայացաւ 76-րդ վայրկեանին, նշանակեց իր կազմին չորրորդ կոլը՝ փենալթիով, 90-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ այսպիսով, ան նշանակեց տարեշրջանի իր չորրորդ կոլը, Սլովաքիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան:
Անոր կազմը այժմ 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ դիրքը: