Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան անձնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Պէյրութէն:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ճնշող պայմանները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած բոլոր տօնակատարութիւնները ջնջուած են` նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին պարտադրած վտանգաւոր կացութիւնը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ այսօր պիտի այցելէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները պէտք է անմիջական ներման հրամանագիրներ պատրաստեն` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իրաւասութիւն ունի այդ հրամանագիրները ստորագրելու: Ըստ Սէյիտի, եթէ բանտարկեալները «Քորոնա» ժահրով վարակուին, պէտք է այս հոլովոյթին դիմուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ զարմանալի է, թէ Իսրայէլի նման թշնամի ունեցող երկրի մը մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք կը պահանջեն Դիմադրութեան ապազինումը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ հաստատեց, որ միայն լիբանանեան պետութիւնն ու լիբանանեան բանակը երկրի սահմաններուն պաշտպանութեան իրաւասութիւնը ունին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլ պէտք է սարսափի Դիմադրութենէն, իսկ լիբանանցիները պէտք է հպարտանան եւ հեգնեն թշնամին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ մաղթեց, որ Ատհայի տօնը ըլլայ ներկայ ձախող իշխանութենէն եւ անհեթեթ կառավարութենէն փրկուելու վերջնական տօն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական տագնապին վերաբերող հարցեր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարի հետ: Միքաթի Ղաժարէն խնդրեց Թրիփոլիի մէջ ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին ժամերը նուազեցնել, որպէսզի Թրիփոլիի բնակիչները կարենան հանդուրժել կացութիւնը: Միքաթի անարդար նկատեց, որ Թրիփոլիի մէջ ելեկտրական հոսանքի ընդհատումը շատ աւելի ըլլայ, քան տարբեր շրջաններ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որ հաստատեց, որ Քուէյթ կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր ապահովական կայունութեան ու բարգաւաճումին: Միւս կողմէ, Սալամ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը բարձրացուցած է փոփոխութիւն եւ բարեկարգումի կարգախօսը, սակայն անկէ անցած է աշխատանքները խոչընդոտելու եւ արգելակելու քաղաքականութեան:

ՇԻԻ զոյգին` Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը բազմիցս խնդրած է հանդիպիլ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն, յատկապէս Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի հետ:

 

Նախորդը

Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Գանատայի Խորհրդարանին Կողմէ 25 Տարուան Ճանապարհ

Յաջորդը

Ելեկտրական Հոսանքի Հարց. Արդեօք Ելեկտրածին Շարժակները Պիտի Մարի՞ն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?